«Ազդակ»-ի 2015-ի Բացառիկին Կը Մասնակցին 45 Աշխատակիցներ
Շուտով հրատարակութեան կը յանձնուի «Ազդակ»-ի բացառիկ թիւը: Շուրջ 350 էջէ բաղկացող այս հրատարակութեան կը մասնակցին Հայաստանի Հանրապետութենէն, Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Պոլիսէն, Յունաստանէն, Արժանթինէն, Կիպրոսէն եւ Սուրիայէն մամուլի 45 աշխատակիցներ: Գրութիւնները ունին ուսումնասիրական, հրապարակագրական, գրական եւ խորհրդածական բնոյթ:
2014-ի հայկական տարեգրութիւնը թուղթին եւ մամուլի պատմութեան յանձնող այս հրատարակութիւնը կրնայ օգտակար ըլլալ մամուլի եւ ընդհանրապէս հայ կեանքի հետ կապուած կարեւորագոյն իրադարձութիւնները ուսումնասիրողներուն համար:
Հետագային, տպագիր տարբերակին առընթեր, «Ազդակ»-ի բացառիկներու թուայնացուած շարքը պիտի համալրուի նաեւ այս բացառիկով:
CATEGORIES Գաղութային