Ֆրանսական Ֆութպոլ. Կայել Անտոնեան Կերտեց Մարսէյ Բ.ի Յաղթանակը

1221_gael-andonyanՖրանսայի ֆութպոլի 5-րդ Լիկայի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Օլիմփիք Մարսէյի Բ. խումբը, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Արլէ Բ. խումբը, 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:

Հայկական ծագում ունեցող յետսապահ Կայէլ Անտոնեան կերտեց իր կազմին յաղթանակը, երբ մրցումին վերջին վայրկեանին նշանակեց մրցումին եւ իր կազմին միակ կոլը:

Նշենք, որ Անտոնեան այս տարի իր նորամուտը նշեց Մարսէյի Բ. խումբին հետ:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Մարսէյ Բ. 37 կէտով կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը:

Share this Article
CATEGORIES