Ղարաբաղեան Զօրամասի Դիրքին Վրայ Զոհուած Է 19-Ամեայ Զինուոր Մը

E48377B2-05FE-4768-A962-05577E2059F4_w640_r1_sԼեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի  արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պաշտպանութեան մարտական դիրքին վրայ կիրակի օր արձանագրուած արկածի իբրեւ հետեւանք զոհուած է պաշտպանութեան բանակի 19-ամեայ զինուոր  Դաւիթ Քոլոյեան:

Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան, միջադէպին մանրամասնութիւնները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի:

«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը բաժնէ ծանր կորուստին վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Դաւիթ Քոլոյեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Share this Article
CATEGORIES