Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Կաղանդ Պապան Նուէրներ Պիտի Բաժնէ Անցորդ Մանուկներուն
Այսօր` չորեքշաբթի, 24 դեկտեմբերին, Պուրճ Համուտի մէջ տիրող տօնական մթնոլորտը առաւել եւս պիտի խանդավառուի, երբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան Կաղանդ պապային զանգակին ձայնը հնչէ, երեւի ան եւ նուէրներ բաժնէ անցորդ մանուկներուն ու պատանիներուն: Կաղանդ պապային ներկայութիւնը Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ գրաւիչ ու հետաքրքրական է ո՛չ միայն մանուկներուն, այլ նաեւ չափահասներուն համար, որովհետեւ ան ամանորեան տրամադրութիւն կը ստեղծէ եւ իր նուէրներով կ՛երջանկացնէ փոքրիկ անցորդները:
Այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան այն ձեռնարկներուն, որոնց ընդմէջէն ան կը միտի տօնական օրերու ընթացքին ուրախութիւն սերմանել մանուկներուն սրտերուն մէջ:
Կաղանդ պապան այսօր` 24, երեքշաբթի, 30 եւ չորեքշաբթի, 31 դեկտեմբերին եւս ներկայ պիտի ըլլայ Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ եւ նուէրներ բաժնէ անցորդ փոքրիկներուն: