Պէյլի Համար Ռէալ Մատրիտ 1 Միլիառ Եւրօ Կը Պահանջէ

1223_bayleՌէալ Մատրիտի պատասխանատուները, երբեք չեն մտածեր ներկայ հանգրուանին իրենց ակումբին մաս կազմող միջնապահ Կերըթ Պէյլին զիջելու, կալեսցի ֆութպոլիստը եւս, չի մտածեր արքայական ակումբը լքելու մասին, որովհետեւ ինքզինք բաւական լաւ կը զգայ Մատրիտի հետ:

Վերջին քանի մը օրերուն, անգլիական մամուլը կը յայտնէր, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ հետաքրքրուած ըլլալով Պէյլով, պատրաստ է անոր փոխանցման համար վճարել 150 միլիոն եւրօ:

Սակայն, եթէ Պէյլ փափաքի լքել այժմու իր ակումբը, ապա անոր համար Ռէալ Մատրիտ կը պահանջէ 1 միլիառ եւրօ: Այս մասին կը յայտնէ «AS»:

Share this Article
CATEGORIES