Քալիարի Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը
Քալչիոյի մրցումներուն ձախող արդիւնքներ արձանագրող եւ Սեւրի Ա.-ին մէջ մնալու համար պայքար մղող Քալիարի, երէկ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Զտենեք Զեմանը, որ 16 մրցումի ընթացքին արձանագրեց միայն երկու յաղթանակ:
Չեխ 67 տարեկան Զեման, որ նախորդ յուլիսին նշանակուեցաւ խումբին մարզիչ, այժմ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 18-րդ դիրքը` միայն գերազանցելով Սեսենան եւ Փարման:
Նշենք, որ նախորդ փետրուարին, Զտենեք պաշտօնանկ եղած էր նաեւ Ա.Էս.Ռոմայի կողմէ, երբ խումբը 23 մրցումի ընթացքին կրած էր 9 պարտութիւն:
CATEGORIES Մարզական

