Յուշատետր. Մայր Բնութեան Երկու Արեւները
Ռ. Հ.
Երէկ ես ինծի ուղղեցի ինքնատիպ հարցում մը: Մինչեւ այսօր բնաւ չէի մտածած այդ հարցումին մասին, բայց հիմա կը մտածէի ահաւասիկ: Ուրեմն ես ինծի հարցուցի.
– Արդեօք նոյն արեւո՞ւն է, որ կը նայինք ամառը եւ ձմեռը: Երկուքն ալ նո՞յնն են, թէ ոչ մենք ունինք երկու արեւներ, մէկը ամառուանը, միւսը` ձմեռուանը:
Աւելի քան քսան տարիէ ի վեր ամառնային եղանակին արեւէն հեռու կը փախչիմ, ինչպէս հեռու պիտի փախչէի սատանայէն: Իմ կարծիքովս, ո՛չ մէկ բան մարմնին մէջ հաւասարակշռութիւնները կրնայ խախտել այնքան, որքան արեւուն կիզիչ ճառագայթները ամառնային ամիսներու կէսօրուան ժամերուն: Կարծես կրակ կը թափի մարդուս մարմինին վրայ: Զարմանալով կը զարմանամ այն մարդոց վրայ, որոնք ծովեզերքը, աւազներու վրայ կամ պատշգամի մը մէջ ժամեր շարունակ կը պառկին այդ արեւին տակ, որպէսզի սեւցնեն իրենց մարմինը: Իմ պարագայիս, Աստուած հեռու ընէ: Հեռու կը փախչիմ արեւէն: Հոգ չէ թէ կինս երբեմն վրաս պիտի խնդայ. «Կաթի պէս ճերմակ մարմին ունիս» պիտի ըսէ:
Բայց ձմեռը կարծես բան մը կը փոխուի: Ես նոյն մարդն եմ, երբ ձմեռուան մէջ յանկարծ արեւի ճառագայթ մը կ՛իջնէ վրաս ու կարծես կը տաքցնէ հոգիս: Անցեալ օր արձակուրդով նստած էի բնակարանիս ամէնօրեայ սենեակին մէջ, ու գիրք մը կը կարդայի: Նոյեմբերի վերջին օրն էր, ու ես բուրդէ բաճկոն մը հագած` կը ջանայի դիմադրել նոյեմբերի ցուրտին, զոր տակաւին չէր կրցած բոլորովին մեկուսացնել տան կեդրոնական ջեռուցումը:
Կինսը ըսաւ.
– Ետեւի սենեակը գնա, շատ աղուոր արեւ մը կայ:
Վազեցի: Մեր բնակարանին այդ սենեակը, որ իմ գրադարանի սենեակս էր միաժամանակ. այս ժամուն արեւ կ՛առնէր, եթէ դուրսը արեւոտ ըլլար: Արեւի ջերմ լոյսեր կը տեղային հիմա սենեակիս խորունկ տիվանին վրայ ու աւելի կը տաքցնէին սենեակը: Ի՜նչ լաւ հրաւէր էր կնոջս ըրածը: Նստայ տիվանին վրայ ու շարունակեցի կարդալ: Նոյն վայրկեանին զգացի, որ բան մը փոխուեցաւ ներաշխարհիս մէջ, բան մը տաքցաւ եւ ուղղակի երջանկութիւն դարձաւ ինձմէ ներս: Արեւն էր:
Գրադարանի փոքրիկ սենեակ մըն ալ խմբագրատան մէջ ունիմ, աշխատասենեակիս ճիշդ քովը: Մինչեւ ձեղուն բարձրացող գրադարանը բերնէ բերան լեցուն է արժէքաւոր գիրքերով: Շատ կը վախնամ, որ այդ գիրքերը սա կամ նա կերպով կը վնասուին: Ամէն անգամ որ ներս կը մտնեմ ու կը տեսնեմ, որ մէկը բացած է սենեակի երկու պատուհաններուն մետաղեայ վարագոյրները եւ արեւի ճառագայթներուն տակ մնացած են գիրքերը: Կը զայրանամ, «Դարձեալ ո՞վ բացաւ այս վարագոյրները» կ՛ըսեմ, վարագոյրները կ՛իջեցնեմ, որովհետեւ գիտեմ, որ արեւն ալ գիրքի թշնամի է, կը խանձէ, կը գունատէ, կը փարատէ գիրքերը:
Բայց երէկ, դեկտեմբերի առաջին օրը, երբ մտայ սենեակէն ներս գիրք մը փնտռելու համար, տեսայ, որ արեւով լուացուած տաքուկ ու հաճելի մթնոլորտ մը կար այդ փոքրիկ սենեակին մէջ: Մէկը դարձեալ բացած էր վարագոյրները: Գիրքերը, կարծես օրերէ ի վեր մսած գիրքերը, հիմա կը տաքնային քիչ մը, կը կազդուրուէին: Առաջին անգամ էր, որ չանհանգստացայ, սիրեցի արեւը, «Թող այսօր այսպէս մնայ, այս արեւը վնաս չի պատճառեր գիրքերուն» ըսի միտքէս: Եւ այն ատեն է, որ ես ինծի հարցուցի.
– Արդեօք նոյն արեւո՞ւն է, որ կը նայինք ամառը եւ ձմեռը: Երկուքն ալ նո՞յնն են, թէ ոչ մենք ունինք երկու արեւներ, մէկը ամառուանը, միւսը` ձմեռուանը:
Հիմա գիտեմ, որ այո՛, մենք ունինք երկու արեւներ: Անկարելի է, որ ես ընդունիմ, որ ամառնային ամիսներուն զիս այնքան հեռու փախցնող, զիս այնքան վախցնող արեւը այն նոյն արեւն է, որ հիմա մարմինս ու հոգիս կը գգուէ, որուն կը նայիմ գուրգուրանքով ու սիրով, մաղթելով, որ քիչ մը աւելի երկար մնայ ան հոն: Այո, մենք նոյն արեւուն չէ, որ կը նայինք ամառը եւ ձմեռը: Մէկ եղանակէն միւսը, կարծես մէկը կ՛երթայ ու միւսը կու գայ: Երկու արեւներ, որոնք տարբեր նկարագիրներ ունին, տարբեր առաքելութիւն, տարբեր պատկեր, տարբեր բարեխառնութիւն եւ դեռ չեմ գիտեր ինչ:
Է՜հ, հիմա ատենն է, որ յիշեմ, թէ նոյն վայրկեանին նոյն արեւին չէ, որ կը նային հիւսիսային երկիրներէն մէկուն մէջ բնակող մարդն ու Ափրիկէի անապատներուն մէջ բնակող պետեւին: Կարծես ամէն երկիր իր տարբեր արեւը ունի, ունի արեւի իր տարբեր ժամացոյցը, արեւի իր ջերմաչափը, կամ լուսաչափը, կամ կրկնաչափը, դեռ ինչ բառ որ կրնանք ստեղծել: Մէկը իր արեւէն խոյս կու տայ, միւսը իր արեւը կը փնտռէ:
Եւ տակաւին հիմա պէտք է յիշեմ, որ ամառնային ամէնէն տաք մէկ շրջանին, յուլիս կամ օգոստոս, այն արեւը, որմէ խոյս պիտի տայի կէսօրուան ժամերուն, հրաշալի արեւածագ մը կը բեմադրէր առաւօտ կանուխ: Աստուա՛ծ իմ, աշխարհի վրայ ո՞ր տեսարանն էր, որ կրնար մրցիլ այդ հրաշալի արեւածագին հետ, ի՞նչ բան այնքան գեղեցիկ էր, որքան` սա նորածագ արեւը, որ կամաց-կամաց կը բարձրանար վարդագոյն հորիզոնի մը վրայ: Ասիկա այն նո՞յն արեւն էր, որ երեք ժամ վերջ պիտի հրկիզէր, պիտի կիզէր մեր ամբողջ աշխարհը, պիտի կուրցնէր մեր աչքերը, պիտի խաշէր մեր մորթը:
Կ՛արժէ, որ հարցնենք արեւին: Օ՜ արեւ հրաշագործ, քանի՞ տեսակ դէմք ունիս դուն:

