Շենգաւիթի Ֆութպոլի Դպրոցին Մէջ Իրավիճակը Կը Մնայ Անփոփոխ


Այս տարի գարնան Երեւանի Ուլիս ակումբի նախկին սեփականատէրերը ծախեցին հարուստ աւանդութիւն ունեցող Շենգաւիթի ֆութպոլի դպրոցը: Յուլիսին, մարզադպրոց կատարուած այցելութեան ընթացքին պարզուեցաւ, որ մարզակառոյցը ծախուած է «Ժունիոր Սփոր» ընկերութեան:
Այն ատեն մարզադպրոցին պատասխանատուները յայտնեցին, որ նոր սեփականատէրերը կը պատրաստուին լուրջ ներդրումներ կատարելու, իսկ աշխատանքները նախագծման ընթացքի մէջ են:
5 ամիս ետք Armsport.am-ին կողմէ այդ վայրը տրուած հերթական այցելութենէն ի յայտ եկաւ, որ իրավիճակը ցարդ անփոփոխ է, եւ մարզադպրոցը կը շարունակէ մնալ անմխիթար վիճակի մէջ:
Թերեւս միակ փոփոխութիւնը այն է, որ մուտքին զետեղուած է «Ժունիոր Սփոր» մարզադպրոց գրութիւնը:
CATEGORIES Մարզական

