Թուրքիոյ Սարըքայա Գաւառի Հայկական Գերեզմանատունը Մնացած Է Թուրքերու Խնամքին

fft81_mf2968039Թուրքիոյ Սարըքայա գաւառի Պուրունքըշլա գիւղի հայկական գերեզմանատան խնամքը հայ բնակչութեան բացակայութեան պատճառով մնացած է թուրք գիւղացիներուն: Այս մասին կը գրէ թրքական «Ռատիքալ»-ը: Պուրունքըշլայի գիւղապետ Նեճաթի Եալչըն հարցազրոյցի մը մէջ ըսած է, որ իր պապերը այդ գիւղը եկած են 1924-ին Թեսաղոնիկէէն` Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ  տեղի ունեցած բնակչութեան փոխանակման ընթացքին: Վերջինս նշած է, որ այդ ժամանակ գիւղին մէջ տակաւին հայեր կ՛ապրէին, եւ իր պապն ու հայրը դրացի եղած են անոնց:

Հայերը գիւղէն հեռացած են 1966-ին` գաղթի ժամանակ: Ըստ գիւղապետին, ատկէ ետք  ամէն տարի 60-70 հոգինոց խումբով հայեր եկած  են գիւղ` այցելելով նաեւ իրենց հարազատներուն  շիրիմները: Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ մինչեւ  հիմա ալ որոշ հայեր գիւղ կու գան-կ՛երթան:

Տիլվար Աքքան անունով 75-ամեայ ծերունի մըն ալ, որ կամաւոր կը մասնակցի գերեզմանատան մաքրութեան աշխատանքներուն, պատմած է իր հայ ընկերներուն մասին, որոնց հետ ան դպրոց յաճախած է, ծառայած է բանակին մէջ եւ ընկերութիւն ըրած:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )