Երեւանեան Պատկերներ (3)
ՄԱՆՐԱԴԻՏԱԿ
Հեռաղեկը ձեռքս` հայաստանեան հեռատեսիլի զանազան կայանները կը պեղեմ: Երգիծական տափակ ծրագիրներ, հարաւամերիկեան ֆիլմաշարեր, հոլիվուտեան շունչով հայկական ֆիլմաշարեր, սիրահետում, սպանութիւն, արկածախնդրութիւն, հետապնդում, վազք, քիլլըրներ (հազար փառք, որ իրական չեն)… տակաւին` նորաձեւ երգեր, արտառոց սանտրուածքով, հագուածքով` երգիչ-երգչուհիներ, տարօրինակ պատմութիւններ յուշող տեսահոլովակներ: Մշակոյթը արդիականացնելու մարմաջ կայ, արդիականացումը ողջունելի է, բայց աղաւաղումը…
Հաւանաբար կը պատկանիմ նորութիւնները մերժող, հնաոճ թեւին, երէկ թատրոնի մը բեմին վրայ ներկայացուած կատակերգութիւնն ալ զիս չհրապուրեց, մինչ սրահին մէջ անկաշկանդ խնդուքներ կը թնդային: Չհասկցայ, թէ ինչո՞ւ Սօս Սարգսեանի յիշատակին նուիրուած էր արկածախնդրական փիես մը, ուր սրունքներու ցուցադրութիւնը, պոռչտուքն ու քաշքշուքը աւելի շեշտուած էին, քան` դերակատարութիւնն ու բեմադրութիւնը:
«Թատրոնը դպրոց է» սահմանումը անհերքելի է… սակայն ի՞նչ դաս փոխանցեց այս մէկը: «Եռանկիւն»-ի, «Նահապետ»-ի, «Ձորի Միրօ»-ի նման հսկայական գործերու մէջ գլխաւոր դեր ստանձնած մեծ արուեստագէտին յիշատակը նշելու համար արժէր աւելի լուրջ գործի ընտրութիւնը, սա անձնական կարծիք է, հասկնալի է, որ ժողովրդավար երկրի մէջ կարծիք պարտադրելը անընդունելի է, բայց յայտնելը` անկասկած թոյլատրելի:
Սակայն հարկ է յիշել նաեւ պայծառ երեսը արուեստին ու մշակոյթին, Սնդուկեանի բեմին վրայ հիանալի կատարողութեամբ հանդէս եկան արհեստավարժ երգիչներ եւ անոնց ընկերակցող նուագախումբը:
Աւարտին, տակաւին հմայուած բարձր որակի այս գործով, միակ մաղթանքս էր, որ նման ուժեր մնան հայրենի հողին վրայ, վառ պահեն բարձր մակարդակով օփերայի երգարուեստը:
***
Նշանաւոր «Գրանտ կենտի» մակնիշով տուրմի խանութներէն մէկուն մէջ տեսակաւոր տուփերու եւ գոյնզգոյն թուղթերով փաթթուած քաղցրեղէններու ընտրութեան դիմաց շուարած` կը դիմեմ վաճառող երիտասարդ օրիորդին օգնութեան: Դժկամութեամբ կցկտուր բացատրութիւն կու տայ…
– Կարելի՞ է համտեսել,- կը հարցնեմ:
– Ո՛չ, չի կարելի,- կարճ ու կտրուկ կը հնչէ պատասխանը:
Իւրաքանչիւր երկրի մէջ կը տիրեն օրէնքներ… ինչ որ մեզի համար արտօնուած էր մեր ապրած երկրին մէջ, հոս ընդունելի չէ:
Յիշողութիւնը կայծի նման կը փայլատակէ ու մարդ արարածը երկվայրկեանի մէջ կը փոխադրուի հազարաւոր մղոններ անդին… Հալէպի երբեմնի Ներսի շուկայի «Սուք աթթարին» հասած եմ, ծալապատիկ նստած խանութպանը կը թելադրէ սպասարկող տղեկին.
– Խալեթ (մօրաքոյրդ) թող համտեսէ զահթարը… այս չոր թուզին ալ համին նայեցէք, խանո՛ւմ, նոր հասած է Արիհայէն:
Համտեսելէ ետք, պիտանի կամ ոչ, անպայման բան մը կը գնէիր… սա արդէն գաղտնիք է, առեւտուրի օրէնք, որուն կը տիրապետէին փակ շուկայի վարպետները:
– Հազա՛ր բարի, նորէն հրամեցէք, ձեր խանութն է,- նոյնիսկ առեւտուր չընող յաճախորդը լայն ժպիտով կը ճամբուէր:

Ներսի շուկան ափսո՜ս պատմութեան անցած է, իսկ ներկան այս սիրուն աղջիկներն են: Չնչին աշխատավարձը, աշխատանքի երկար երկար ժամերը, գործատէրերու կողմէ չարաշահումը հաւանաբար սրբած են ժպիտը անոնց դէմքերէն:
Հոս եւս հարկ է յիշել պայծառ երեսը…
Նոյն այս աղջիկը երբ աշխատանքէն արձակուելով` երթուղիի մէջ պարտասած կը նետուի հազիւ պարպուած աթոռի մը վրայ… ու յանկարծ կը նշմարէ ոտքի կեցած, տատանելով երկաթէ ցողը սեղմած տարեց կին մը, անմիջապէս ոտքի կը ցատկէ եւ իր տեղը կը տրամադրէ անոր: Տարեցներու հանդէպ յարգանքը նորաձեւութեան հոսանքին հետ չէ խափանուած:
Ի սրտէ կը մաղթեմ, որ պտղունց մը ժպիտն ու պատրաստակամութիւնը միանան այս երիտասարդներու առօրեային… ու ծանր պայմանները դարձնեն տանելի:

