Սփիւռքի Գիտակից Ինքնուրոյնութիւնը Եւ Ինքնաղեկավարումը` Ազգի Գոյատեւման Երաշխիք
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Միշտ պէտք է մեկնիլ պարզ հաստատումներէ. սփիւռքը մեր ժողովուրդի համրանքի կէսէն աւելին է, հաւանօրէն` երկու երրորդէն ալ աւելին: Անիկա ծնունդն է հայրենահանման, ինչ որ պէտք չէ երբեք մտահան ընել: Համայնքային եւ բարեսիրական դերերը չեն բխիր հարենահանման քաղաքական աղէտէն: Երկու երրորդ` որպէս համրանք: Ենթադրութիւն` անոր համար, որ այս թուաբանական գնահատումը մարդոց գումարի ազգային տեսակարար որակի մասին չի խօսիր:
Այս համրանքի աստիճանական եւ վերջնական կորուստին հետ պիտի հաշտուի՞նք, հաշտուա՞ծ ենք: Հարենահանման գիտակցութեան նուազումը ազգի երկու երրորդի անհետացման զառիթափն է:
Որակ եւ տեսակարար արժէք: Սփիւք(ներ) ընդհանուր բնորոշումով հասկցուող հաւաքականութիւնները աստիճանաբար կը կորսնցնեն ազգ-ժողովուրդ ըլլալու իրենց նկարագիրը, կը դառնան, բախտաւոր պարագային, համայնք, եկեղեցիներու կամ միութիւններու շուրջ, ընկղմելէ առաջ, հայկական տեսանկիւնէ, ծագումով հայ ըլլալու լքումին հետ: Անզօրութեամբ ականատես ենք անհետացման առաջնորդող տարտղնումին, անոր մէջ բռնուած ենք, եթէ զանազան խմբակներ կամ նախաձեռնութիւններ ստեղծուող բացասականութիւնները կանխելու կամ արգիլելու մասնակի մնացող նախաձեռնութիւններ չունենան, անոնց թափը մասամբ մեղմացնելու համար: Այդ իրարանցումները կը վարագուրեն խաբկանքները, որոնք այդքան են միայն, ժամանակաւոր, այդ ընդունինք թէ ոչ:
Յաւերժացող կամ ցկեանս իրաւասութիւններով ղեկավարութիւնները սփիւռքները կանգնեցուցած են պատի առջեւ, եղածը փրկելու կամ դիրքապաշտութեան վարակով: Սփիւռք(ներ)ի հայօրէն ապագայի նախատեսութիւններ եւ մշակուած հեռանկարներ չկան: Հայրենահանուածներու դատը քաղաքական-ազատագրական է, կը խեղճանայ եւ կ՛այլասերի բարեսիրութեան եւ պիզնեսի ճահիճին մէջ:
Կան զբօսաշրջիկի երջանկութիւնները: Ինչպէ՞ս կարելի է չուրախանալ այցելելով համակարգիչներով օժտուած Հայաստանի Հանրապետութեան նոր դպրոցները, որոնք կառուցուած են սփիւռքի հայերուն կողմէ: Ինչպէ՞ս չհպարտանալ, երբ ինքնաշարժը կը հատէ Հայաստան-Արցախ սահմանը եւ կը սուրայ նոր ու պսպղուն ճանապարհներու վրայ` կառուցուած հեռաւոր աշխարհներու մէջ կայք հաստատած հայերու սիրոյ տուրքերով, որոնք ապացոյց են դեռ տեւող մէկութեան հզօր զգացումի եւ գիտակցութեան: Ճանապարհներ, որոնց մուտքին արձանագրութիւններ կան, անուններ` ազգի միութիւնը յիշեցնող: Դրական եւ ծափահարելի: Յուշ-յիշատակ ըլլալու արձանագրութիւննե՞ր:
Ազգային զգացումով ինքնահաստատման այս իրականացումները չանհանգստացնող, քաջալերուած եւ ակնկալուած բարեսիրութիւն են, զոր կը կոչենք հայրենասիրութիւն: Բարեսիրութիւնը երբեք պէտք չէ շփոթել ազգային-քաղաքական լիարժէք յանձնառութեան հետ:
Կը լուսանկարենք, կը լուսանկարուինք: Գերադիական սարքերով թափառող զբօսաշրջիկներ ենք: Պարտականութիւն` կատարածի գոհունակութեամբ, նոյնիսկ երբ այդ կատարման մէջ սոսկ հանդիսատես ենք:
Այս լուսանկարուելով երջանկութիւնը եւ դրական գործի հանդէպ մեր զգացած կրաւորական գոհունակութիւնը կը վարագուրեն իրականութիւնները եւ մեզ կը մղեն մոռնալու սփիւռք-(ներ)ի մաշումները, այսինքն աստիճանական անհետացումը` այսօրուան գնահատումներով ազգի համրանքի երկու երրորդին: Թիւերով մտածել. թիւերը զգացականութեան մշուշ չեն:
Զգացական հայրենասիրութիւնը, յաճախ` անհեռանկար, պատճառ է, որ մեր աչքերը խուփ պահենք կորստական իրականութիւններու առջեւ: Եւ խուփ աչքերով ազգ չ’առաջնորդուիր, յանձնառութիւն չի ստանձնուիր: Այսօր սփիւռք(ներ)ը սեփական հեռանկար չունի, չի ղեկավարուիր, ինքզինք չի ղեկավարեր` ըստ հեռանկարի: Ղեկավարումի տագնապ ունի, քանի որ հեռանկար չունի, տոկալու եւ տեւելու ճիգերը իմաստաւորելու համար:
Կը խօսինք եւ կը գործենք այնպէս, որ կարծէք մենք պիտի չըլլանք, գոնէ Հայաստանը ըլլայ:
Պարզ է, որ եթէ ազգային մտահոգութիւն է (եթէ ըլլար) ազգի երկու երրորդի համրանքի ազգային դիմագիծով եւ խորքով պահպանումը, անհրաժեշտ են (պիտի ըլլային) ծրագրում եւ ղեկավարում, որոնք չեն շփոթուիր կիսամիջոցներու եւ շաբաթավերջի հրավառութիւններու հետ: Ի հարկէ, եթէ չենք եզրակացուցած, որ այդ երկու երրորդը դատապարտուած է վերջնական անհետացման: Շաբաթավերջի հրավառութիւնները ընդհանրապէս տեղական-տեղայնական սնափառութիւններ են` ներհամայնքային կամ թաղային:
Այսօր ականատես ենք խուճապային վերաբերումներու: Դպրոցներ եւ թերթեր կը փակուին (կը փակենք), հայախօսութիւնը եւ հայագրութիւնը անապատի աւազին վրայ թափուած ջուրի պէս են, տուներէն փողոց, ժողովներէն եկեղեցիներ, անոնք համակարգիչի ե-նամակներու եւ էջերու բացականերն, նոր մարգարէներու լատինատառ հայերէնի անսահման բեմ: Օտարման համար ծրագրումներ կան, ըստ պահու եւ վայրի, ձուլուելու համար այս կամ այն կաղապարին մէջ, այդ ալ համարելով իմաստութիւն, գործնապաշտութիւն` մշակուած եւ ընդունուած անահատական իրաւունքով: Իմաստութիւն` ի՞նչ փրկելու կամ աճեցնելու համար:
Այս խուճապային վիճակին մէջ կը ներկայանան զգացական հայրենասիրութեան մշուշով պատուած Արեւմտահայաստանը եւ արեւմտահայերէնը կը մոռցուին, նաեւ` զարմանալի կերպով ցարդ դրօշակ եղած հայապահպանումը: Կը փորձուի՞նք որոշ արժէքներու սահմանումին վրայ հիմնուած վիճակագրութիւն պատրաստել: Չենք կրնար, չենք ուզեր, կը սարսափինք արդիւնքէն:
Եթէ սփիւռք(ներ)ը, իր առաջնորդութեամբ, իր արմատներուն եւ իրաւունքներուն վերականգնման գիտակցէր, կը սահմանէր իսկական սկզբունքներ եւ կը յառաջացնէր իսկական ղեկավարման կառոյցներ, ոչ թէ անհատներու շուրջ (ցկեանս կամ գրեթէ այդպէս նախագահներ), առանց խզուելու Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններէն: Ո՛չ այսօր եւ ո՛չ ալ վաղը` Հայաստան պիտի կարենայ զբաղիլ սփիւռք(ներ)ի իրաւ խնդիրներով: Ըմբռնումի եւ միջոցներու հարց է:
Աւելի՛ն. ոչ մէկ պարագայի Հայաստան կրնայ հասկնալ բազմադէմ սփիւռքները եւ զանոնք առաջնորդել: Օրինակ, սփիւռքի նախարարութիւնը կրնայ նպաստել սփիւռքի ինքնուրոյն գոյատեւման նախաձեռնութիւններուն, բայց սփիւռքը ինք պիտի յառաջացնէ իր ղեկավարութիւնը` իմաստութեամբ յանձանձելով իր միջոցները, իր նիւթական եւ մարդկային դրամագլուխը: Այս գիտակցութիւնը կ’ըլլայ շարժիչ ուժը սփիւռքներու տոկալու եւ տեւելու կամքին: Առանց այս կամքին` աւելորդ է խօսիլ բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի մասին:
Այս յանձանձումը անցեալ ծամելով եւ յուշեր քրքրելով չէ, որ կրնայ իրականանալ: Ժամանակները արագօրէն կը փոխուին, բայց յանձանձողները կոթողներու պէս կը մնան, եւ ոչ ոք կ’ըսէ, որ եթէ անոնք ոսկի հաւկիթ ալ պիտի ածէին, երկու, չորս, ութը կամ տասը տարիէն, երբեմն ալ յաւերժութեան չափ երկար ժամանակի մէջ, պիտի ածէին:
Ոսկի հաւկի՞թը… Արեւմտահայաստանը, կամ օտարախօս եւ օտարանուն ծագումով հայերու հայացումը, հայախօսութեան վերականգնումը ազգի երկու երրորդի շրթներուն, որպէսզի անոնք սոսկ զգացումով հայ չըլլան:
Քանիցս կրկնած եմ ֆրանսացիներուն խօսքը, որ` անտրամաբանական է մերկացնել Փոլը հագցնելու համար Փիեռը: Սփիւռքեան կառոյցներուն տկարացումը մասամբ նաեւ Փոլի-Փիեռի պատմութիւն է, հետեւանք` զգացական հայրենասիրութենէ յառաջացած կարճատեսութեան, հեռանկարային ղեկավարումի պակասի: Զոյգ բացասականութիւններ, որոնք չեն դարմանուիր վարդապետական ճառով, լսուած բարձրախօսներէն ժայթքող երգով եւ բեմէն գետին թբփելով եւ փոշի հանող պարերով:
Սփիւռք(ներ)ը եւ անոր կառոյցները խամաճիկներ չեն, որպէսզի անոնց թելերը քաշուին Հայաստանէն, հայաստանկեդրոնութեան քաղաքական-կազմակերպական վարքագիծով: Այլ խօսքով, աւելի քան երբեք կենսական է այսօր սփիւռքի ղեկավարումի հարցը, անոր գոյատեւման հրամայական կազմակերպման եւ գոյատեւման օրակարգով:
Նորոյթ են խորհրդաժողովները: Ինչո՞ւ խորհրդաժողով մը չկազմակերպել սփիւռք օրակարգով, որ չըլլայ սոսկ ցուցադրութիւն, էսթեպլիշմընթային հանդէս, կողմնապաշտութիւն, չեղած բաներու համար ինքնահաստատում, յուզում եւ պատկեր: Բայց հարց է, թէ ո՞վ կամ որոնք պիտի կազմակերպեն, նախաձեռնութիւն` որ ըլլայ վերկուսակցական, վերհատուածական, վերհամայնքային, վերէսթեպլիշմընթային, վերքաղաքական (այդ քաղաքականը ըլլայ հայաստանեան թէ տեղական-տեղայնական):
Այս առաջադրանքը ցարդ եղածի կրկնութիւնը կամ թարմացումը պիտի չըլլայ: Ոչ ալ առիթ անհատներու եւ կազմակերպութիւններու` նոր փետուրներով զարդարուելու: Ինչպէ՞ս պիտի փրկուին եւ բազմանան վաւերական դրոշմով հայկական դպրոցները, թերթերը, դէպի օտարախօսութիւն մեր երթը ինչպէ՞ս պիտի կասեցնենք, առաջքը պիտի առնե՞նք հայ զանգուածներու հայ մշակոյթէ խորթացման, այսինքն` պահենք հայկական ազգային հարազատութիւն: Այս հարցերը աւելի կարեւոր են քան` ասդին-անդին յայտարարուած զմռսուած` ցեղասպանութեան ճանաչումները, մեր տեսակաւոր նոր քաղաքացիութիւններուն տուրք տալով քաղապետական-թաղապետական կամ քաղաքական ախորժակները եւ անոնց բաւարարումը: Ի՞նչ շահ ունի ազգը Զանզիպարի կամ Քամչաթքայի խորհրդարանի անդամ հայածնունդ անհատէն: Բայց մեր պատշաճելու շնորհքին համար կը ծափահարենք:
Երբ զանգուածները, հակահայ մշակոյթ կը դառնան, ազգը որպէս ի՞նչ պիտի տեւէ:
Իսկ այդ զանգուածները որպէս հայկական դադրա՞ծ են գոյութիւն ունենալէ, եզրակացուցա՞ծ ենք որ պիտի դադրին:
Ինչպէ՞ս իրականացնել խորհրդաժողովը: Նախ` խօսիլ, խօսիլ հրապարակաւ:
Անոնց, որոնք չեն հաւատար վերականգնումի, տանք շքանշաններ իրենց մատուցած-չմատուցած ծառայութիւններուն համար եւ հանգստեան տուն ղրկենք:
Թերեւս կը քանդուի ամլութեան պատը: Իսկ այդ պատը տեղատուութեան ոգիով եւ անոր ծառայող դիւանակալութեամբ չի քանդուիր:
Ինչպէ՞ս մեր վաղը այսօրէն աւելի լաւ պիտի ըլլայ: Աւելի լաւ պիտի ընենք:
Պատասխանը երկու փող ու թմբուկի միջեւ ըսուած-լսուած պահածոյ ճառ պէտք չէ ըլլայ:
Խորագրի ընթերցումը կատարել բարձրաձայն, անդաստանի աղօթքի պէս, մենք մեզի համար եւ …
5 նոյեմբեր 2014, Պուրճ Համուտ, Լիբանան