Ներսէս Պետրոս Ժթ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Նախագահեց Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Մատուցուած Պատարագին

IMG_0878Հինգշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը նախագահեց Ս. Ծննդեան տօնին առիթով մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագին:

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը այս առիթով ուղղած իր պատգամին մէջ շեշտը դրաւ Յիսուս Քրիստոսի խաղաղութեան կոչին վրայ: Ան այս առնչութեամբ ի միջի այլոց նշեց.

«Խաղաղութիւնը շնորհ մըն է, որ Յիսուս մեզի կը պարգեւէ, երբ կ՛ըսէ. «Խաղաղութիւնս կը թողում ձեզի, իմ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի. զայն չեմ տար ձեզի, ինչպէս աշխարհը կու տայ» (Յովհ.  14,27):

«Յիսուս մեզի նոր պատուիրան մըն ալ տուաւ, երբ ըսաւ. «Սիրեցէ՛ք զիրար: Ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, այնպէս ալ դուք զիրար սիրեցէք», եւ կ՛աւելցնէ սա նշանակալի խօսքը. «Բոլորը ձեզ պիտի ճանչնան իբրեւ իմ աշակերտներս, եթէ դուք զիրար սիրէք» (Յովհ. 13, 34-35): Եկեղեցւոյ հիմնարկութենէն ի վեր այս է ամէն քրիստոնեայի պիտակը` ամէն մարդ սիրել, առանց բացառութեան: Ուստի, սէրը Յիսուսէն կը բխի եւ խաղաղութիւնը` սէրէն:

Ոչ ոք կ՛ուզէ կռիւ կամ խռովութիւն, եւ ամէն մարդ կը բաղձայ խաղաղ կեանք ունենալ: Արդ, խաղաղութիւնը սիրտէն կը սկսի եւ սիրով կը սնանի, եւ անկէ կը տարածուի մօտիկներուն ու հեռաւորներուն, եւ յատուկ կերպով անոնց, որոնք ամէնէն աւելի կարիք ունին խաղաղութեան, ընտանիքներուն մէջ` ամուսինին եւ կնոջ միջեւ, ազգականներուն մօտ` դրամական հարցերու պատճառով, ծանօթներուն միջեւ` նախանձի պատճառով, եւ օրինակները շատ են:

Խաղաղութիւնը, ինչպէս ըսի, Աստուծոյ պարգեւն է, բայց խաղաղութիւնը գոյացնելը նախ եւ առաջ մեր` քրիստոնեաներուս պատասխանատուութիւնն է: Մենք կոչուած ենք կամուրջ դառնալու` ուրիշներուն հասցնելու համար Աստուծոյ խաղաղութիւնը: Յիւսուս ըսաւ. «Երանի՜ խաղաղարարներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին» (Մտթ. 5,9): Յիսուս չըսաւ` երանի խաղաղասէրներուն, այլ` խաղաղարարներուն, այսինքն` երանի անոնց, որոնք կ՛աշխատին խաղաղութիւնը հաստատել հակառակորդ մարդոց միջեւ:

«Յիսուսի քարոզած խաղաղութիւնը բոլորովին տարբեր է եւ կը հակասէ աշխարհի յառաջացուցած խաղաղութեան: Պատմութեան մէջ կը կարդանք Օգոստոս կայսեր խօսքը, որ կ՛ըսէ, թէ ինք խաղաղութիւնը հաստատեց աշխարհի վրայ իր զինուորական յաղթանակներուն շնորհիւ:

«Կարելի է ըսել, թէ խաղաղութիւնը, որ Յիսուս Քրիստոս հաստատեց, ան ալ Անոր յաղթանակներուն շնորհիւ է: Բայց, Յիսուսի յաղթութիւնները չեղան թշնամիները սպաննելով, այլ` անոնց համար մեռնելով, ինչպէս որ Ս. Պօղոս կ՛ըսէ, թէ խաչի վրայ «Յիսուս յաղթեց մահուան», բայց չ՛ըսեր, որ Յիսուս սպաննեց թշնամիները»:

Ս. պատարագէն ետք ամենապատիւ հոգեւոր տէրը Ս. Ծննդեան առիթով շնորհաւորութիւնները ընդունեց եկեղեցւոյ մէջ, ապա շնորհաւորական ընդունելութիւնները շարունակուեցան Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ:

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )