Ապահովական Մտավախութեանց Մթնոլորտի Մէջ. Առեւանգեալ Զինուորականներու Հարցը Տեղքայլի Մէջ Է
Ապահովական մտավախութեանց լոյսին տակ, առեւանգեալ զինուորականներու հարցը «մակընթացութեան մէջ է» առնչակից կողմերու ցուցաբերած կեցուածքներուն լոյսին տակ: Արդարեւ, կարգ մը դէտեր ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն կողմէ յարձակում մը հաւանական նկատեցին Արսալ-Քալամուն ճակատին վրայ թէ Ռումիէի բանտին ուղղութեամբ: Փոխադարձաբար, նոյն աղբիւրները հաւանական նկատեցին, որ լիբանանեան բանակը նախայարձակ քայլով գործողութեան մը ձեռնարկէ Արսալի բարձունքներուն ուղղութեամբ` ազատելու համար առեւանգեալ զինուորականները: Նոյն աղբիւրները այս հաւանականութեան վերագրեցին բանակի ութերորդ զօրամասի հրամանատարին փոփոխութիւնն ու ապահովական խիստ միջոցառումներու որդեգրումը Արսալի ուղղութեամբ:
Այս ծիրին մէջ բանակը աւազապարկերով եւ հողաթումբերով ամրացուցած է իր դիրքերը` կանխարգիլելու համար որեւէ հաւանական ոտնձգութիւն ահաբեկիչներու կողմէ: Այս իմաստով, ընտրական հետազօտութեանց մասնագէտ` «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքի պատասխանատու Ռապիհ Հապր երէկ ձայնասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի 3500 զինեալներ հասած են Արսալի բարձունքները` առ ի պատրաստութիւն հաւանական գործողութեան մը: Որդեգրուող ապահովական միջոցառումներուն պատճառով բանակը յաջողեցաւ սանձել ահաբեկիչներու Լիբանան մուտքը` սպաննելով անոնցմէ երեքը:
Առեւանգուած Զինուորականներու Ծնողներու
Պատուիրակութիւնը` Ժահժահի Մօտ
Միւս կողմէ, առեւանգեալ զինուորականներու ծնողներէն պատուիրակութիւն մը, պատկան կողմերու եւ պատասխանատուներու տուած իր այցելութեանց ծիրին մէջ, երէկ այցելեց Մաարապ, ուր տեսակցեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:
Այս առիթով Ժահժահ անհրաժեշտ նկատեց, որ կառավարութիւնը փութայ անյապաղ լուծում մը գտնելու այս թնճուկին եւ «ազատէ առեւանգեալ զինուորականները, ինչպէս նաեւ` մեզ ու Լիբանանը այս գերեվարուած վիճակէն»: Ժահժահ թելադրեց երբեք չյուսալքուիլ, որովհետեւ «Աստուած իրաւունքը կը վերադարձնէ իր տէրերուն, հակառակ պայմաններու դառնութեան»:
Ֆլիթի. «Ոչ Մէկ Նորութիւն»
Իր կարգին, Արսալի փոխքաղաքապետ Ահմետ Ֆլիթի երէկ յայտնեց, թէ ոչ մէկ նորութիւն ունի փոխանցելիք առեւանգեալ զինուորականներու հարցով: «Մարքազիէ» լրատու գործակալութեան հարցումներուն պատասխանելով` Ֆլիթի յայտնեց, որ զինուորականներու ազատութեան գծով առաջարկ մը ներկայացուցած է ՏԱՀԵՇ-ին ու համոզած անոր պատասխանատուները եւ այժմ կը սպասէ այս գծով լիբանանեան պետութեան պատասխանին: Ըստ Ֆլիթիի, այս հարցին լուծման կոչուած ենթայանձնախումբը կրնայ մօտերս նիստ մը գումարել, «որուն փոխանցելիք պատասխանը պիտի յայտնեմ ՏԱՀԵՇ-ին»:
Փոխադարձաբար, իրազեկ աղբիւրներ բաղդատական մը կատարելով դրական զարգացում կը նկատեն այս հարցի լուծման գծով: Փաստօրէն, նախապէս առեւանգեալ մէկ զինուորականի փոխարէն տասը բանտարկեալներու ազատ արձակումը կը պահանջուէր, մինչ ներկայիս, Ֆլիթիի «միջամտութենէն» ետք, մէկ առեւանգեալի փոխարէն երեք բանտարկեալ կը պահանջէ ՏԱՀԵՇ:

