Ցոլա Նշանակուեցաւ Քալիարիի Մարզիչ
Ճիանֆրանքօ Ցոլա նշանակուեցաւ «Քալչիօ»-ի կազմերէն Քալիարիի նոր մարզիչ, յայտնեց իտալական ակումբը` նշելով, որ ան այսպիսով փոխարինեց չեխ 67 տարեկան Զտենեք Զեմանը, որ իր արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով պաշտօնազրկուեցաւ:
Նշենք, որ Ցոլա անցեալին իբրեւ ֆութպոլիստ մաս կազմած է Քալիարիի, ինչպէս նաեւ` Չելսիի:
CATEGORIES Մարզական