Գաբրիէլ Ղազարեան. «Ամէն Ինչ Կ՛ընենք, Որպէսզի Ախոյեանները Մնան Հայաստանի Մէջ Եւ Շարունակեն Իրենց Գործունէութիւնը»

1226_kapriel-ghazarian-sportsՀայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան իր ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ամփոփեց երկրին մարզական տարին, խօսեցաւ կատարուած աշխատանքներուն մասին եւ ներկայացուց յառաջիկայ ծրագիրները:

Իր խօսքին մէջ Ղազարեան ըսաւ. «2014-ը եղաւ աշխատանքային ծրագիրներով լեցուն տարի մը, որուն ընթացքին յաջողեցանք ծրագրուած բոլոր քայլերը կատարել: Մենք այս տարի ունեցանք բաւական հետաքրքրական նուաճումներ, որոնց կարգին` աշխարհի ախոյեան ըմբիշները: Շատ զօրաւոր երկիրներ չկրցան այսպիսի նուաճումներու հասնիլ. ասիկա կը նշանակէ, որ մեր երկրին մէջ մարզական կեանքը չէ մահացած:

«Մենք շատ մեծ արժէք կու տանք ֆետերասիոններուն հետ համագործակցութեան: Այս ուղղութեամբ առաւելագոյն չափով պէտք է համագործակցինք իրարու հետ:

«Մենք ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայենք եւ մեր ամէն կարելին պիտի ընենք, որպէսզի ախոյեանները մնան Հայաստանի մէջ եւ շարունակեն իրենց գործունէութիւնը:

«Ինչ կը վերաբերի 2015-ին մեր իրագործելիք ծրագիրներուն, բազմաթիւ գործեր ունինք կատարելիք, որոնք միայն ու միայն պիտի ըլլան ի շահ երկրին եւ հայկական մարզաշխարհին յառաջխաղացքին»:

 

Share this Article
CATEGORIES