Լուրեր Կաթողիկոսարանէն.

Ստեփանոս Նախասարկաւագին
Նուիրուած Տօնախմբութիւն

1221_191Կիրակի, 21 դեկտեմբեր 2014-ի կէսօրին, Ս. պատարագի աւարտին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի վեհարանի դահլիճին մէջ, Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագին նուիրուած տօնախմբութեան ընթացքին, միաբան հայրերուն, դպրեվանքի սարկաւագներուն եւ ժառանգաւորներուն, ինչպէս նաեւ ներկայ ժողովուրդին ներկայութեան Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ ինքնազոհողութեան, համեստութեան եւ աստուածակեդրոն ծառայութեան նուիրական կերպերուն ու ըսաւ. «Որպէս հայ եկեղեցւոյ ծառայութեան լծուած անձեր` պէտք էր գիտակցինք, որ մեր կեանքի միակ ճամբան ծառայութիւնն է: Աստուած մեզի Քրիստոսի միջոցով խաչ տուաւ. Քրիստոս նախ Ինք քալեց խաչի ճամբէն, խաչի կեանքը ապրեցաւ եւ ցոյց տուաւ, որ ծառայութեան կեանքը խաչի կեանք է, ծառայութեան ճամբան խաչի ճամբայ է եւ` ո՛չ փառքի, ո՛չ ցուցամոլութեան, ո՛չ հաճոյքի, այլ` սիրոյ, զոհողութեան եւ ի պահանջել հարկին` տառապանքի ճամբայ է: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը այս գիտակցութեամբ հոգեւոր մշակներ կը կազմաւորէ դպրեվանքի նուիրական յարկին տակ եւ այդ մշակները մեր Ս. Աթոռին ճամբով կ’երթան մեր ժողովուրդին ծառայելու ի սփիւռս աշխարհի»: Ապա նորին սրբութիւնը իր խօսքը աւարտեց` յիշեցնելով. «Ամբողջական ու անանձնական ծառայութիւնն է, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան մղում ու նպատակ կու տայ»:

Նախքան այդ` դպրեվանքի սաները Ս. Ստեփանոսին նուիրուած յայտագիր մը ներկայացուցին` պանծացնելով Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագին եւ եկեղեցւոյ առաջին նահատակ վկային յիշատակը: Հանդիսութեան սկիզբը, յանուն սարկաւագներուն, Յարութիւն սրկ. Բանճարճեան ուղերձ կարդաց եւ հաւատարմութեան, հնազանդութեան ու ծառայութեան իրենց ունեցած բարձր գիտակցութիւնը շեշտեց:

Ոգեկոչումի հանդիսութեան աւարտին կաթողիկոսը «Պահպանիչ»-ով օրհնեց սարկաւագաց դասը: Ապա երգուեցան «Կիլիկիա»-ն եւ «Հայրապետական մաղթանք»-ը:

Առաւօտուն Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, զոր մատուցեց  Նորայր եպս. Աշըգեանը: Սրբազան հայրը իր քարոզին ընթացքին անդրադարձաւ Ս. Ստեփանոսի անսակարկ հաւատքին եւ անոր սարկաւագական պաշտօնին` ծառայութեան կարեւորութեան: Ան հրաւիրեց սարկաւագները, որ քրիստոնէական այս սկզբունքներով արժեւորեն եւ իմաստաւորեն իրենց կեանքը մեր եկեղեցիէն ու ժողովուրդի կեանքէն ներս եւ ըսաւ. «Տէր Զօրէն անցած եւ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու արիւնով նուիրագործուած այս Ս. Աթոռին փառքը` Հայ եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդին ծառայութիւնն է, որուն դուք եւս ձեր մասնակցութիւնը բարձրագոյն գիտակցութեամբ եւ բծախնդրութեամբ պէտք է շարունակէք բերել»: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Գարեգին աբղ. Շխրտմեանի:

Նշենք, որ շաբաթ, 20 դեկտեմբերին, հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին տեղի ունեցաւ նախատօնակ` նախագահութեամբ դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի:

Արամ Ա. Ամանորեայ Տօներուն Առթիւ
Այցելեց «Թռչնոց Բոյն»

10377537_873090972712804_6922811218023031881_n10885309_873090769379491_3833160270716829201_nՆոր տարուան եւ մեր Տիրոջ ու Փրկիչին` Յիսուսի Ծննդեան տօնի նախօրեակին, աւանդութիւն դարձած է, որ վեհափառ հայրապետը այցելէ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գտնուող եւ գործող ընկերային ծառայութիւն մատուցող հաստատութիւններ եւ կեդրոններ, որպէսզի իր ներկայութեամբ ու նուէրներու բաշխումով եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութեան կենդանի օրինակը հանդիսանայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ միաժամանակ բաժնեկից դառնայ եկեղեցւոյ խնամքին յանձնուած զաւակներուն ուրախութեան:

Այս ծիրին մէջ կատարուելիք այցելութիւններուն առաջինը եղաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի այցելութիւնը սփիւռքի մէջ աւելի քան 80 տարիներէ ի վեր անընդմիջաբար գործող, որբ ու կարօտեալ մանուկներու բոյնը` «Թռչնոց բոյն» հաստատութիւնը, որուն նկատմամբ վեհափառը յատուկ գուրգուրանք կը տածէ:

Դեկտեմբեր 22-ի երեկոյեան կաթողիկոսը, միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ, ժամանեց «Թռչնոց բոյն», ուր դիմաւորուեցաւ Գայեանեան քոյրերուն, խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան կողմէ: Անոնց հետ կարճ տեսակցութենէ մը ետք վեհափառը մասնակից դարձաւ մանուկներուն Նոր տարուան խրախճանքին եւ հետեւեցաւ անոնց կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրին: Ապա մանուկները մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեցին Կաղանդ Պապան, որ նուէրներ բաշխեց անոնցմէ իւրաքանչիւրին: Վերջապէս, աշակերտները լսեցին վեհափառին հայրական յորդորներն ու խրատները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )