Մոտրիչ` Խրուաթիոյ Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը
Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Լուքա Մոտրիչ ճանչցուեցաւ Խրուաթիոյ 2014-ի լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Տեղի ունեցած քուէարկութեան ընթացքին, 29 տարեկան ֆութպոլիստը ստացաւ 109 կէտ:
Այսպիսով, ան յաջողեցաւ գերազանցել Մարիօ Մանճուքեչին (Աթլեթիքօ Մատրիտ) եւ Իվան Ռաքիթիչին (Պարսելոնա), որոնք յաջորդաբար գրաւեցին երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը:
Նշենք, որ Մոտրիչ չորրորդ անգամ ըլլալով կը ճանչցուի իբրեւ Խրուաթիոյ լաւագոյն ֆութպոլիստը:
CATEGORIES Մարզական

