Խմբագրական . Փակուող-Բացուող Տարին Այն Ինչ Որ Կրցանք Ընել (Բ.)

Թէեւ իբրեւ պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն պէտք է ընկալել, այսուհանդերձ այսօր տպագիր մամուլ, այն ալ պաշտօնաթերթ, այն ալ օրաթերթ, եւ այն ալ հայերէն` սփիւռքի մէջ ինքնին ամէն օր իրագործում արձանագրել է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթին համար:

Գերարժեւորում չէ այս մէկը, այլ բառին բուն իմաստով ժամանակին, ժամացոյցին դէմ եւ  հետզհետէ նիւթական, կենցաղային, արժէքային առումներով առօրեայ պայքար: Ժամանակը բացարձակօրէն ի նպաստ տպագիր մամուլին չէ: Արագութեան կշռոյթը կայծակնային է` լուր տալու, հասանելի դառնալու, զանգուածային եւ անհատական մակարդակներու վրայ: Լուր տալու հեւքը` արհեստագիտութեան առումով նոր մրցանիշեր կը կտրէ, ժամանակավրէպութեան վտանգի սպառնալիքով, ամէն օր, օրաթերթին լոյս տեսած իւրաքանչիւր օր:

Տնտեսական ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ առեւտրական հաստատութիւններն անգամ կրճատումներու կը դիմեն, երբ ամէն տեղ սեղմումի քաղաքականութեան ներքոյ ամփոփուելու միտումներ կը դրսեւորուին, ժամանակավրէպութեան դէմ պայքարի ելած մամուլը, իբրեւ ոչ եկամտաբեր հաստատութիւն,  իր անձնակազմը կը պահէ, սարքաւորումները կ՛այժմէականացնէ  եւ ճիգ կը թափէ յաղթահարելու տնտեսական զարգացող տագնապը:

Այստեղ մեզի օգնութեան կը հասնին թերթին առաքելութեան հաւատացող հովանաւորները, որոնք տուեալ էջ թէ կայք, գրական յաւելուած թէ բացառիկ կամ արաբերէն բաժին հովանաւորելու իրենց քայլերով կ՛օժանդակեն թերթին կանգուն մնալուն եւ զարգացման:

Նիւթական դժուարութիւնը սակայն մեզ չի պարտադրեր նոր ծրագիրներու չդիմելու եւ նոր բաժանմունքներ չյառաջացնելու: Այս տարուան հիմնական նորութիւնն ու իրագործումը «Ժիրայր Պուտագեան» կեդրոնի աշխատանքի արդիւնքն էր: Մամուլի թուայնացման աշխատանքը, արդէն շուտով հանրութեան տրամադրելի կը դարձնէ ոչ միայն «Ազդակ»-ի ութսունեօթնամեայ հաւաքածոն, այլ նաեւ մամուլի այլ ներկայացուցիչներու հաւաքածոներ: Ժամանակակից հասկացողութեամբ թուայնացուած մամուլն` արխիւի պահպանման եւ ուսումնասիրական աշխատանքներու համար օգտագործելի նիւթ տրամադրելու ճիշդ, գործնական  եղանակն ու համակարգը:

Արաբերէն կայքը նոր այցելուներ ապահովեց: Փոքր ուսումնասիրութիւն մը այցելուներու աճի երեւոյթին մասին ի յայտ բերաւ, որ յատկապէս Իրաքէն եւ Եգիպտոսէն նոր ընթերցողներ միացան Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Յորդանանի արաբ թէ արաբատառ լրատուութիւններու հետեւող հայ ընթերցողներուն: «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքը արդէն իբրեւ կայացած օտարալեզու լրատուամիջոց` կը լուսաբանէ հայաստանեան, սփիւռքեան եւ Հայ դատի վերաբերող իրադարձութիւնները:

Մանկապատանեկան յաւելուածը, իր հերթին,  ազդուեցաւ տնտեսական դժուարութիւններէ: Ամառուան ժամանակաշրջանին «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի թիւերը լոյս չտեսան տպագիր տեսքով. անոնք էջադրուած ձեւով առցանց հասանելի դարձան «Ազդակ»-ի կայքին ճամբով: Դպրոցական վերամուտին հետ «Պզտիկ-Մզտիկ» դարձեալ սկսաւ հասնիլ ամիսը անգամ մը իր ընթերցողներուն: Մինչ, շարունակուեցան նաեւ «Անսխալ գրենք» մրցումները, որոնք համախմբեցին հարիւրաւոր մասնակիցներ:

Մամլոյ լսարաններու թիւը կը բախէ 100-ի դռները: Այս տարի եւս թէ՛ հայ մամուլի դիմագրաւած խնդիրներուն եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի թէ սփիւռքի վերաբերող  օրակարգերու մասին կազմակերպուեցան զեկուցական երեկոներ, մամլոյ լսարան տարազին տակ: Մինչ աշխարհաքաղաքական զարգացումներու, Միջին Արեւելքի հայութեան, արխիւային նիւթերու թէ քաղաքական ժամանակակից խնդիրներու մասին «Ազդակ» հաստատեց վիտէօ հարցազրոյցի բաժին, որ գրեթէ երկշաբաթեայ հերթականութեամբ տեղադրուեցաւ «Ազդակ»-ի կայքին վրայ:

Բաւական աշխուժ էր «Ազդակ»-ի ներկայութիւնը ընկերային ցանցին վրայ: Դիմատետրի իբրեւ օգտատէր «Ազդակ»-ի երկու խումբերը հաւաքած են շուրջ տասնհինգ հազար «ընկերներ», որոնք առնուազն տեղեակ կ՛ըլլան «Ազդակ»-ի օրական լուրերու խորագիրներէն: Դիմատետրի ճամբով նաեւ կտրուկ աճած է «Ազդակ»-ի կայքի այցելուներուն թիւը:

Եւ եթէ «Ազդակ»-ի տպագիր տարբերակի քանակը կայուն պահելու յատուկ ճիգ կը կեդրոնացնենք, ապա ելեկտրոնայինի աճը, վերահսկողութենէ դուրս ամիս առ ամիս բազմապատկուելու ընթացքին մէջ է: «Ազդակ»-ի արտալիբանանեան ընթերցողներուն թիւը, այս միտումով, գերակշիռ է եւ տակաւին նոր մրցանիշեր ապահովելու նախադրեալներ կը յուշէ:

«Ազդակ»-ի առաջնորդող յօդուածներու, թէ արտադրած լուրերու եւ տարբեր բնոյթի նիւթերու արտատպումը ոչ միայն սփիւռքեան մամուլին, այլ նաեւ հայաստանեան զանգուածային լրատուամիջոցներուն մէջ  նկատելի եւ կայացած երեւոյթ է: Յաւելեալ գնահատականը այս մարզին մէջ կը ձգենք հայ մամուլի նիւթերը մշտադիտարկողներու դատողութեան: Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ հակառակ նախորդ խմբագրականով մեր յիշած մարդուժի նկատառելի դժուարութեան, «Ազդակ» առանձնացաւ յատկապէս իր խմբագրակազմի անդամներու այլեւս կայացած անուններու յօդուածագրական արտադրութեամբ: Գաղափարական-գաղափարաբանական հարցերով, Հայ դատի վերաբերող դիպուկ ակնարկներով, լիբանանեան եւ գաղութային ու ազգային նիւթերու լրագրական-մեկնաբանական նիւթերով, թէ մշակութաբանական այժմէական անդրադարձներով կամ մօտիկ անցեալի վերաբերող ուսումնասիրութիւններով «Ազդակ» ընդգծեց իր հեղինակային արտադրողականութիւնը: Ի վերջոյ դիւրին չէր ազգային, կուսակցական ամէն յոբելեանի` այժմէականացման կարգով առաջնորդող գրութիւն հրապարակելը, այդ առիթով էջ պատրաստելը, համահայկական տարողութեամբ հրատապ իրադարձութիւնները թերթի լուսարձակներէն չվրիպեցնելու յատուկ կեդրոնացում պահանջող աշխատանքին առընթեր:

«Ազդակ»-ի բացառիկները` թէ՛ ապրիլեան եւ թէ՛ Ամանորի, շարունակեցին «Ազդակ»-ի էջերուն վրայ արձանագրել Հայաստանի Հանրապետութենէն, Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն եւ Միջին Արեւելքէն մամուլի  գործիչներու, մտաւորականներու անուններ, հրատարակութեան ապահովելով համահայկական դիմագիծ: «Ազդակ»-ի բացառիկներու երեւանեան շնորհահանդէսները  նպաստեցին թերթին առաւել ծանօթացման աշխատանքին: Ծանօթացում մանաւանդ հայաստանեան պետական,  լրագրական եւ գիտական շրջանակներուն:

Ժամանակակից հայ մամուլէն ակնկալուած աշխատանքներն են, որոնք փորձեցինք իրականացնել. ոչ աւելին: Բայց այս պարտականութիւնը կատարեցինք մամուլի համար հետզհետէ դժուարացող պայմաններու մէջ: Պիտի շարունակենք իրականացնել, հակառակ բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն: Այս հաստատակամութիւնը քննարկումի ենթակայ չէ: Ընկրկիլը բացառուած է:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )