Աբրահամեան. «Մենք Կորսնցուցինք Մեծ Քաղաքական Գործիչ Մը, Մեծ Հայ Մը»
Երէկ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանն Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան նիստերու դահլիճին մէջ ընդունելութեան հրաւիրած էր զանգուածային լրատու միջոցներու ներկայացուցիչները: Լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին ան անդրադարձաւ Վահան Յովհաննիսեանի մահուան: Ըսաւ, որ շատ լաւ յիշողութիւններ ունի` Վահան Յովհաննիսեանի հետ կապուած:
«Իրօք, կը ցաւիմ, որովհետեւ մենք կորսնցուցինք մեծ քաղաքական գործիչ մը, մեծ հայ մը, որ օգտակար եղած էր մեր երկրին, անկախութենէն սկսեալ եւ բոլոր քաղաքական զարգացումներուն ունեցած է առարկայական գնահատական: Ան ամէն ինչ ըրած է, որ Արցախը եւ Մայր հայրենիքը ըլլան ամուր, եւ սփիւռքի մեր հայրենակիցները միաւորէ եռամիասնութեան շուրջ», ըսաւ Յովիկ Աբրահամեան եւ աւելցուց, որ Վահան Յովհաննիսեանը տակաւին պէտք է ապրԷր, արարԷր…