Հայաստան Իր Մասնակցութիւնը Պիտի Չբերէ Թուրքիոյ Ֆութպոլի Մրցաշարքին

1229_arm-turkeyՆախորդ շաբաթավերջին, ուքրանական matchday.ua կայքը իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ նշեց, որ 18 յունուարէն 1 փետրուար 2015 Թուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ երիտասարդական հաւաքականներու միջեւ, ֆութպոլի միջազգային մրցաշարք մը, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Հայաստանի հաւաքականը:

ArmSport.am-ին յայտնի դարձաւ սակայն, որ այս տեղեկութիւնը իրականութեան չի համապատասխաներ եւ Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը, յառաջիկայ ամիսներուն որեւէ մրցաշարքի պիտի չմասնակցի:

Նշենք, որ  փետրուար 2015-ին յայտնի կը դառնայ, թէ որո՞նք պիտի ըլլան Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականին մրցակիցները` Եուրօ-2017-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )