Կարլեն Մկրտչեան Վերադարձաւ Երեւան
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Փիւնիկ Երեւանի միջնապահ Կարլեն Մկրտչեան, որ վերջին շրջանին կը մարզուէր ղազախական Թոփոլի խումբին հետ, վերադարձաւ Երեւան:
Վերոնշեալ խումբին հետ հայրենի ֆութպոլիստը մասնակցեցաւ ուսումնամարզական հաւաքի մը, որ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ, կը յայտնէ Armsport.am:
Այժմ խումբին մարզիկները արձակուրդի մէջ են:
Տօներէն ետք յստակ կը դառնայ, թէ 26 տարեկան ֆութպոլիստը պիտի շարունակէ՞ իր արհեստավարժ ասպարէզը ղազախական խումբին հետ:
Նշենք, որ Թոփոլի մարզիչն է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին նախկին մարզիչը` Վարդան Մինասեան:
CATEGORIES Մարզական