ԷՐՏՈՂԱՆ ԿԸ ՊՆԴԷ, ՈՐ ԻՍՐԱՅԷԼ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ՆԵՐՈՒՄ ՊԷՏՔ Է ՀԱՅՑԷ

Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը վերահաստատէ, որ եթէ Իսրայէլ «Մաւի Մարմարա» նաւուն դէմ իր կատարած յարձակումին համար Թուրքիայէն ներում չհայցէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ մշակուած «Բ.» ծրագիրի գործադրութիւնը ընթացք պիտի առնէ:

Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի դէմ քաղաքական եւ արդարադատական մարզերու մէջ քայլեր նախատեսող նշեալ «Բ.» ծրագիրը կը բովանդակէ հետեւեալ կէտերը.

Առաջին` սկսիլ իսրայէլացի ղեկավարներու եւ զինուորներու դէմ միջազգային դատական հայցերու հանգրուանին եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Իսրայէլի վրայ թրքական ճնշումներու, որոնց շարքին` իսրայէլեան կեցուածքի դատապարտումը, Իսրայէլի անդամակցութեան դիմումի մերժումը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի կողմէ Կազայի շրջափակման անօրինականութեան հաստատումը:

Ծրագիրը նաեւ կը բովանդակէ սեպտեմբերին պաղեստինեան պետութեան ճանաչման համար պաղեստինցիներուն կողմէ ՄԱԿ-ին կատարուած դիմումին Թուրքիոյ զօրակցութիւնը:

Օրաթերթը կը նշէ, որ որեւէ ցուցանիշ չկայ, թէ Իսրայէլ Թուրքիայէն պաշտօնապէս ներում պիտի հայցէ, ուստի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու եւ անոր տեղակալ Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու պիտի կասեցնեն իսրայէլեան կողմին հետ Թուրքիա-Իսրայէլ տագնապի լուծման համար ընթացող բանակցութեան աշխատանքները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES