ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱՏԱՐԸ

Վարչապետ Սարգսեան եւ Պրուս Տոնահիւ

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան նախանցեալ օր ընդունեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Պրուս Տոնահիւն:

Ըստ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութեան, վարչապետը նշեց, որ ինք բարձր կը գնահատէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուող յաջողութիւնները:

Զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք մարդահամարին Միացեալ Նահանգներու թեքնիք օժանդակութեան, ուժանիւթի ուսումնասիրութիւններու վերաբերեալ ստորագրուած յուշագիրին, Հազարամեակի մարտահրաւէրներու ընկերակցութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներու ընթացքին, Հայաստանի մէջ շարք մը մարզերու մէջ ընթացող բարեփոխումներուն, որոնց շարքին` փտածութեան դրսեւորումներուն դէմ պայքարին ուղղուած նախաձեռնութիւններուն եւ արդիւնքներուն:

Կողմերը խօսեցան նաեւ սեպտեմբերին տեղի ունենալիք հայ-ամերիկեան միջկառավարական տնտեսական յանձնախումբի յառաջիկայ նիստի աշխատանքներուն մասին. այս ծիրին մէջ քննարկուեցան երկկողմանի տնտեսական կապերու զարգացման եւ ամրապնդման ուղղուած հարցերը:

Share this Article
CATEGORIES