ԷՐՏՈՂԱՆ ԽՍՏԻՒ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՆԵՐՈՒՄ ՀԱՅՑԵԼ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

Էրտողան եւ Ալիեւ

Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Ազրպէյճան կատարած իր այցելութենէն առաջ խստիւ քննադատած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի օրեր առաջ Ծաղկաձորի մէջ հայագիտական նիւթերու համահայկական ողիմպիականի մասնակիցներուն հետ հանդիպումին ժամանակ կատարած յայտարարութիւնը:

Էրտողան ազրպէյճանական «Խեզեր» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով նախագահ Սարգսեանի յայտարարութեան ըսած է, որ նման մօտեցումով կարելի չէ Հայաստան – Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հասնիլ:

Անդրադառնալով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին` ան վերահաստատած է ղարաբաղեան նախապայմանը: Թուրքիոյ վարչապետը նշած է, որ Թուրքիա Հայաստանին յստակ ըսած է. «Լուծեցէ՛ք Ազրպէյճանի հետ ձեր խնդիրները, որմէ ետք պիտի բանանք սահմանը»:

Միւս կողմէ, վարչապետ Էրտողան Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Թուրքիայէն պէտք է ներում հայցէ այն բանին համար, որ «դպրոցական աշակերտներու կոչ ուղղած է բռնագրաւելու արեւելեան Թուրքիան»:

Էրտողան նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւնը նկատեց «պատմական սխալ մը, որ պէտք է սրբագրուի»:

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւնը քննադատող յայտարարութեան մը մէջ կը յայտնէ. «Պետական գործիչներու հիմնական գործը պէտք է ըլլայ այն, որ անոնք իրենց հանրութեան եւ յատկապէս երիտասարդ սերունդին համար պատրաստեն խաղաղութեամբ եւ բարօրութեամբ լեցուն ապագայ: Սակայն ատոր ամբողջովին հակառակ մօտեցումով, ժողովուրդներու միջեւ թշնամանք եւ ատելութիւն սերմանելու ձեւով երիտասարդներուն եւ ապագայ սերունդներուն խորհուրդներ տալը ծայր աստիճան անպատասխանատու գործելաոճ է»:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ այն ժամանակ, երբ շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած փնտռտուքները թափ կը ստանան, նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւնները կը վկայեն այն մասին, որ ան խաղաղութեան համար աշխատելու նպատակ չունի:

Յիշեցնենք, որ նախագահ Սարգսեան 23 յուլիսին Ծաղկաձորի մէջ հայագիտական նիւթերու 5-րդ ողիմպիականին մասնակիցներուն առջեւ յայտարարած էր. «Ղարաբաղը ազատագրեցինք, Արարատը ազատագրելը ձեզի կը ձգենք»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES