ԺԱՀԺԱՀ. «ԼԻԲԱՆԱՆԸ ԿՐՆԱՅ ԿԱՅՈՒՆ ԴԱՌՆԱԼ ԱՅՆ ԺԱՄԱՆԱԿ ՄԻԱՅՆ, ԵՐԲ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ՍՏԱՆՁՆԷ ԵՐԿՐԻՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԱՄԲՈՂՋ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ»
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մաարապի մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւն կարելի չէ հաստատել, եթէ ապահովական խախտումներն ու ապահովական կղզիներու գոյութիւնը շարունակուին եւ իրենք զիրենք կոչեն օրինական ուժեր:
Ժահժահ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կայունութիւնը կարելի կ՛ըլլայ ամրապնդել միայն այն պարագային, երբ լիբանանեան բանակը կը ստանձնէ երկրին ապահովութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը եւ կը բացայայտուին ապահովական իւրաքանչիւր միջադէպի դրդապատճառները:
Ժահժահ յայտնեց, որ ինք աւելի ուշ պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի պատասխանէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի յայտարարութիւններուն:
CATEGORIES Լիբանանեան