ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ 16 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԸ ՅԱՂԹԵՑ ՍՓՈՐԹԻՆԿԻ

Պասքեթպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Լիբանանի 16 տարեկանէն վար տղոց կրտսերներու ազգային խումբը մրցեցաւ Սփորթինկի դէմ (Եգիպտոս):

Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, աւարտեցաւ Լիբանանի յաղթանակով` 96-48 արդիւնքով:

Լիբանանի մէջ ուսումնամարզական հաւաք կատարող եգիպտական ակումբը նախորդ շաբաթավերջին պարտուած էր Լիբանանի 17 տարեկանէն վար կրտսերներու հաւաքականէն:

Share this Article
CATEGORIES