ՔԱԿ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ԻՐԱՆԻՆ. ԹՈՒՐՔԻԱ ԻՐԱՆԻ ՀԵՏ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ԶՕՐՔԵՐ ԿԸ ԿՈՒՏԱԿԷ
Քրտական «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թրքական բանակը Իրանի հետ սահմանին վրայ մասնայատուկ ուժեր տեղակայած է: Լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ թրքական ուժերու շարժումները կապուած են իրանեան բանակին կողմէ ՔԱԿ-ի իրանեան թեւին` Քրտական ազատ կեանք կուսակցութեան (ՔԱԿԿ) դէմ կատարուող անդրսահմանային գործողութեան հետ:
Նշենք, որ վերջերս թրքական բանակէն քսան հրասայլեր հատած էին սահմանը եւ մուտք գործած Իրան: Նախապէս 300 թուրք զինուորներ իրանեան տարածք մուտք գործած էին:
Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ ՔԱԿ-ի ղեկավարներէն Մուրատ Քարայըլան` մեկնաբանելով իրանեան բանակին կողմէ ՔԱԿԿ-ի դէմ կատարուող գործողութիւնները, յայտնած է, որ «եթէ Իրան ուղղակի կերպով սպառնայ ՔԱԿ-ին, մենք պիտի դադրեցնենք Թուրքիոյ դէմ պատերազմը եւ ՔԱԿԿ-ի հետ միատեղ յարձակումներ պիտի կատարենք Իրանի դէմ»:


