ՍԵՆԵԿԱԼ ՀԻՆԳ ՏԱՐԻՈՎ ԿԱԽԱԿԱՅԵՑ ՊԼԵՔՊԸՐՆԻ ՅԱՌԱՋԱՊԱՀ ՏԻՈՒՖԸ

Սենեկալի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հինգ տարիով կախակայեց Պլեքպըրնի յառաջապահ Հաճի Տիուֆը` անոր արգիլելով երկրին մէջ տեղի ունենալիք ոչ մէկ տեսակի ֆութպոլի հետ ունեցող մրցումի կամ մրցաշարքի մասնակցելէ:

30 տարեկան Տիուֆ, որ ընդհանրապէս դաշտին վրայ կամ անկէ դուրս հարցեր կ՛ունենայ, իր կատարած վերջին յայտարարութեան ընթացքին քննադատեց ֆետերասիոնը, որ զինք նկատի չառաւ Ափրիկեան երկիրներու ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն:

Ան ըսաւ նաեւ, որ «պատերազմ պիտի յայտարարէ», եթէ ֆետերասիոնը զինք կախակայէ:

 

Share this Article
CATEGORIES