ՅՈՒՆԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՕԼԻՄՓԻԱՔՈՍ ՎՈԼՈՍ ԵՒ ՔԱՒԱԼԱ ՓՈԽԱԴՐՈՒԵՑԱՆ Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ
Յունաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ Ա. դասակարգի (Սուփըր լիկ) կազմերէն Օլիմփիաքոս Վոլոս եւ Քաւալա փոխադրուեցան Բ. դասակարգ` կաշառակերութեան յանցանքով ամբաստանուելով:
Վոլոսի նախագահ Աքիլէաս Պէոս եւ Քաւալայի նախկին սեփականատէր Մաքիս Փսոմիատիս, 90 հազարական եւրօ տուգանքի ենթարկուելէ բացի, ցմահ ֆութպոլի գործունէութիւններէ կախակայուեցան:
Ասկէ բացի, երկու ակումբներն ալ 300 հազարական եւրօ տուգանքի ենթարկուեցան:
Անոնց Բ. դասակարգ փոխադրուիլը պատճառ դարձաւ, որ Լարիսսա եւ Փանսերիաքոս բարձրանան Սուփըր լիկ:
CATEGORIES Մարզական