ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՊՈՊ ՊՐԵՏԼԻ ՊԱՇՏՕՆԱՆԿ ԵՂԱՒ
Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Սունիլ Կուլաթի իր կատարած պաշտօնական մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Պոպ Պրետլի պաշտօնանկ եղաւ: 53 տարեկան Պրետլի, որ հինգ տարիէ ի վեր մարզիչ է, ցարդ երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ունէր ստորագրուած ֆետերասիոնին հետ:
«Շատ շնորհակալ ենք Պրետլիէն, որ հինգ տարի իր պաշտօնը լաւապէս կատարեց: Սակայն փափաքելով նոր յաջողութիւններ արձանագրել, կ՛ուզենք փոփոխութիւն կատարել եւ խումբը օժտել նոր մարզիչով մը», ըսաւ Կուլաթի:
Նոր մարզիչի պաշտօնին համար նկատի առնուած են շարք մը թեկնածուներ, որոնց կարգին` Եիւրկըն Քլինսման:
CATEGORIES Մարզական