ՔԱԿ ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ ՑՈՒՑԱԴՐԱԾ Է

Երեք առեւանգուած թուրքերը

Քրտական «Ռոժ Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը ցուցադրած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) կողմէ գերեվարուած թուրք զինուորները:

Քրտական «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թուրք զինուորները «Ռոժ Թի. Վի.»ի ուղղակի սփռումին ընթացքին յայտնած են, որ իրենց առողջական վիճակը բնական է, եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն կոչ ուղղած են զիրենք ազատ արձակելու համար ջանքեր գործադրելու:

Նշենք, որ շաբաթներ առաջ ՔԱԿ-ի զինեալները առեւանգած էին երեք թուրքեր, որոնցմէ երկուքը զինուորներ են, իսկ մէկը` առողջապահութեան մարզի աշխատակից:

 

Share this Article
CATEGORIES