ՀՈՄՍ – ԹԱՐԹՈՒՍ ՔԱՐԻՒՂԻ ԽՈՂՈՎԱԿԱՇԱՐԸ ԱԿԱՆԱՀԱՐՈՒԵՑԱՒ

Սուրիական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երէկ առաւօտեան շուրջ ժամը 4:00-ին, Հոմս – Թարթուս քարիւղի խողովակաշարը ականահարուած է, այս պատճառով ալ շուրջ 15 մեթր շրջագիծով փոս մը յառաջացած է եւ քարիւղի արտահոսք տեղի ունեցած:

Անցեալ շաբաթ օր Հալէպէն Դամասկոս ուղղուող եւ 500 ճամբորդներ փոխադրող շոգեկառք մը Հոմսի Սաուտա շրջանին մօտ խափանարարութեան ենթարկուած էր: Խափանարարական արարքին պատճառով շոգեկառքի վարորդը սպաննուած էր եւ շարք մը վիրաւորներ արձանագրուած էին:

Նշենք, որ ասիկա երկրորդ անգամն է, որ Սուրիոյ մէջ քարիւղի խողովակաշար մը ականահարումի կ՛ենթարկուի:

Share this Article
CATEGORIES