ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԻՐ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ

Զօր. Ըշըք Քոշաներ

Երէկ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի պետ. զօր. Ըշըք Քոշաներ, ինչպէս նաեւ ցամաքային ուժերու, օդուժի եւ ծովուժի հրամանատարները հրաժարած են իրենց պաշտօններէն:

Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, սոյն հրաժարականները ներկայացուած են կառավարութեան հետ տարակարծութիւններու լոյսին տակ:

Share this Article
CATEGORIES