ՔՈՐՆՖՈՐԹ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻԻ
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան քաղաքական հարցերու խորհրդական Ճերըմի Քորնֆորթը` ընկերակցութեամբ դեսպանատան յարաբերութեանց պատասխանատու Ֆատի Հաֆեզի:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ արաբական երկիրներուն մէջ հրապարակ եկած ժողովրդային պոռթկումները, վարչակարգերու փոփոխութիւնները եւ անոնց անդրադարձը լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ: Արծարծուեցաւ նաեւ կառավարութեան կազմութեան խնդիրը:
Բագրատունի կարեւորութեամբ շեշտեց ժողովուրդին ձայնը լսելու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ ժողովուրդն է աղբիւրը բոլոր իշխանութեանց եւ ոչ թէ բռնատիրական կարգերն ու անոնց զօրակցող տեղական թէ արտաքին ուժերը: Այս իմաստով ան անհրաժեշտ նկատեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը կատարուի այնպիսի ձեւով, որ ժողովրդավարական սկզբունքներէն մեկնելով ընդունելի դառնայ նաեւ բնական կարգով իշխանափոխութիւնը: Ան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Լիբանանը կայուն եւ անվտանգ պահելու անհրաժեշտութիւնը: