ՂԱԶԱԽՍՏԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԶԵՊԵԼԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ԻՐ ԱՌԱՋԻՆ ԿՈԼԸ

Ռոպերթ Զեպելեան

Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Ռոպերթ Զեպելեան, որ մաս կը կազմէ Թոփոլի, նշանակեց իր առաջին կոլը` գլխու հարուածով մը պարտութեան մատնելով մրցակից կազմին` Օրտապասի խումբին բերդապահը:

Սակայն հակառակ նշանակուած այդ կոլին, անոր կազմը 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:

Նշենք, որ Զեպելեան նախորդ յուլիսին Տինամօ Մինսքէն փոխանցուեցաւ Թոփոլի:

Share this Article
CATEGORIES