ՊՐԻՎԻՔ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐ ԿԸ ԾՐԱԳՐԷՐ
22 յուլիսին Նորվեկիոյ մէջ ահաբեկչական յարձակումներու պատասխանատուութիւնը ստանձնած ծայրայեղ աջակողմեան Անտերս Պրիվիք երէկ Նորվեկիոյ ոստիկանութեան յայտնած է, որ կը ծրագրէր շարք մը այլ յարձակումներ կատարել:
Ոստիկանութիւնը շաբաթ օր Պրիվիքը 10 ժամ տեւողութեամբ հարցաքննած էր:
Նորվեկիոյ ոստիկանութիւնը նաեւ հերքեց լրատուամիջոցներու փոխանցած այն լուրերը, թէ յարձակումներու հաւանական թիրախներուն շարքին էին Նորվեկիոյ թագաւորական պալատը եւ իշխող Աշխատաւորական կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակը:
Միւս կողմէ, Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի կառավարական թաղամասին եւ Ութոայ կղզիին մէջ երիտասարդական ճամբարին դէմ 22 յուլիսին կատարուած ահաբեկչական յարձակումներուն զոհերու թիւը բարձրացած է 77-ի:
CATEGORIES Միջազգային


