«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԷՆ ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՊԱՀԱՆՋՈՂ ԷՐՏՈՂԱՆԷՆ Ո՞Վ ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՊԱՀԱՆՋԷ»
Անգարայի կողմէ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հասցէին հնչած քննադատութիւններուն անդրադարձած է նաեւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Ինչպէս կը գրէ իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» հեղինակաւոր պարբերականը, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեաներէն մէկը, որուն անունը չի նշուիր, քննադատած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի պահուածքը:
«Իսկ ո՞վ պէտք է Էրտողանէն ներողութիւն պահանջէ Կիպրոսի հիւսիսային հատուածը գրաւելուն համար», յայտարարած է իսրայէլացի պաշտօնատարը:
«Ճերուզալեմ Փոսթ»ը, յիշեցնելով անցեալ տարի «Ազատութեան» նաւատորմիղի միջադէպին պատճառով Անգարայի առաջադրած նախապայմանները Թել Աւիւին` կը գրէ, թէ Իսրայէլ այլեւս աշխարհին մէջ միակ երկիրը չէ, որմէ Թուրքիան ներողութիւն կը պահանջէ:
CATEGORIES Հայկական