ԱՀՏԻ ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ ՆՈՐ ՄԱՐԶԻՉ ԹԷՕ ՊԷՕՔԸՐ ՍՏԱՆՁՆԵՑ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԸ
Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի այժմու զօրաւոր կազմերէն Ահտ երէկ ակումբին մարզիկներուն եւ պատասխանատուներուն պաշտօնապէս ներկայացուց իր նոր մարզիչը` գերմանացի Թէօ Պէօքըրը:
Հանրածանօթ եւ փորձառու մարզիչը անմիջապէս ստանձնեց իր նոր պաշտօնը եւ առանձին-առանձին հանդիպումներ ունեցաւ ակումբին մաս կազմող մարզիկներուն հետ` մօտէն ծանօթանալու համար անոնց ունեցած յատկութիւններուն:
Ատկէ բացի, ան իր նոր խումբին հետ սկսաւ իր փորձերուն:
Ակումբին պատասխանատուները մարզիկներուն թելադրեցին, որ գործադրեն գերմանացի մարզիչին բոլոր ցուցմունքները` տեղական եւ արաբական գետնի վրայ յաւելեալ յաջողութիւններ ձեռք ձգելու համար:
CATEGORIES Մարզական