ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՈՒԺԵՐԸ ՌԱՍ ԼԱՆՈՒՖ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԵԼԷ ԵՏՔ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՆ ԱՆՈՐ ԿԵԴՐՈՆԷՆ

Ըմբոստ մը` հակաօդային զէնքի մը կողքին

Լիպիոյ ղեկավար գնդ. Մոամմար Քազզաֆիի հաւատարիմ ուժեր երէկ աշխուժացուցին ըմբոստներուն գրաւած տարածքներուն վերատիրանալու իրենց արշաւը: Վերջիններս օտար պետութեանց կոչ ուղղեցին` հակայարձակողականը կասեցնելու համար Լիպիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի մը հաստատելու:

Քազզաֆիի ուժերը ծովէն, ցամաքէն եւ օդանաւերով ռմբակոծեցին Ռաս Լանուֆը, ուրկէ թեթեւ զէնքերով հրացանաձգութեան ձայներ կը լսուէին: Քազզաֆիի ուժերը ցամաքահանում մը կատարելով օդանաւերու եւ հրասայլերու օժանդակութեամբ ջանացին քաղաքը վերագրաւել:

Հակայարձակողականի ուժգնութեան դիմաց ըմբոստները քաղաքին մէջ իրենց վերջին գլխաւոր անցարգելը 15-20 քիլոմեթր դէպի արեւելք փոխադրեցին, սակայն ետքը հակայարձակումի դիմեցին: Անոնք յայտնեցին, որ յաջողած են Քազզաֆիի ուժերը քաղաքի կեդրոնէն հեռացնել:

Մինչ ըմբոստները Քազզաֆիի ծննդավայր Սըրթ քաղաքը հասնելու վճռակամութիւն յայտնեցին, Քազզաֆիի որդին` Սէյֆուլ Իսլամ Քազզաֆի խօսքը ըմբոստներուն ուղղելով ըսաւ, որ անոնց կը սպասէ ըմբոստութիւնը ճզմելու մեծ յարձակում մը: «Գործի լծուելու ժամանակն է: Հիմա կը շարժինք», նշեց ան:

Մայրաքաղաք Թրիփոլիէն արեւմուտք գտնուող Զաուիա քաղաքին մէջ ըմբոստները կը շարունակեն կառչած մնալ կարգ մը շրջաններու: Արեւմտեան Լիպիոյ մէջ ըմբոստներու ամբողջական վերահսկողութեան տակ գտնուող միակ քաղաքն է Թրիփոլիէն 200 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Միսրաթա քաղաքը, ուր առայժմ հանդարտութիւն կը տիրէ, սակայն ըմբոստները յայտնեցին, որ իրենք մօտ ատենէն յարձակում մը կը սպասեն:

Լիպիոյ երկրորդ մեծագոյն քաղաք եւ ըմբոստներու կեդրոնատեղի Պենկազիի մէջ 15 հազար ցուցարարներ հաւաքուեցան: Անոնց բարձրացուցած պաստառներէն մէկուն վրայ գրուած էր. «Օգնեցէ՛ք մեզի ժողովրդավարական երկիր մը ըլլալու»:

Բրիտանիա եւ Ֆրանսա պատրաստակամութիւն յայտնեցին Քազզաֆիի ուժերուն կողմէ քիմիական զէնքերու օգտագործման եւ օդանաւերով քաղաքայիններ հարուածելու պարագային այդ ուժերուն դէմ «պաշտպանողական» օդային հարուածներ կատարելու, եթէ ՄԱԿ զօրավիգ կանգնի այդպիսի քայլի մը: Եւրոպական Միութիւնը երէկ Լիպիոյ հարցին շուրջ արտակարգ ժողով մը գումարելէ ետք յայտարարեց, որ Լիպիոյ դէմ զինուորական որեւէ քայլ պէտք է արաբական եւ միջազգային զօրակցութիւն վայելէ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտարարեց, որ իր երկիրը Լիպիոյ ըմբոստներուն հետ ուղղակի կապի մէջ է: Միացեալ Նահանգներու Ազգային գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար Ճէյմս Քլափըր մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ Քազզաֆի երկարատեւ ճակատումի կը պատրաստուի եւ հաւանական է, որ այդ ճակատումէն յաղթական դուրս գայ:

Share this Article
CATEGORIES