ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ՌՈՒՍԻՈՅ ԿՈՉ ՈՒՂՂԱԾ Է` ԴԱԴՐԵՑՆԵԼՈՒ ՎՐԱՑԱԿԱՆ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐՈՒ ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՒՄԸ
Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի կայքէջը կը հաղորդէ, որ ծերակոյտը 29 յուլիսին որդեգրած է բանաձեւ մը, որ կը պաշտպանէ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու անկախութիւնը եւ կը դատապարտէ Ռուսիոյ գործողութիւնները:
«Այս բանաձեւը կ՛արտայայտէ Ծերակոյտի վերաբերմունքը Վրաստանի անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան շարունակուող խախտումներուն առնչութեամբ եւ կը շեշտէ տագնապին խաղաղ եւ արդար լուծման կարեւորութիւնը` Վրաստանի միջազգայնօրէն ընդունուած սահմաններուն համապատասխան», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
Բանաձեւը 10 մայիսին քննարկման դրած էին դեմոկրատական ծերակուտական Ճին Շահին եւ հանրապետական ծերակուտական Լինսի Կրեմ: «®Աբխազիան եւ Հարաւային Օսեթիան, ըստ բանաձեւին, կը ճանչցուին իբրեւ վրացական տարածքներ, որոնք բռնագրաւուած են Ռուսիոյ կողմէ: Բանաձեւը Ռուսիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` ձեռնարկելու 2008-ին Վրաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան համապատասխան քայլերու, որոնց շարքին` վերադառնալ նախապատերազմեան սահմաններուն եւ ապահովել մարդասիրական օժանդակութեան կարելիութիւն բոլոր անոնց համար, որոնք ներքաշուած եղած են տագնապին մէջ», կ՛ըսուի բանաձեւին մէջ:
Ծերակուտականները Ռուսիոյ կոչ ուղղած են` արտագաղթածներուն եւ միջազգային առաքելութեանց կարելիութիւն ընծայելու Աբխազիա եւ Հարաւային Օսեթիա վերադառնալու:
Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ «բանաձեւը նաեւ կը պաշտպանէ Վրաստանի կառավարութեան եւ Հարաւային Օսեթիոյ ու Աբխազիոյ մէջ վերահսկողութիւն կատարող իշխանութիւններուն միջեւ խաղաղ եւ կառուցողական երկխօսութիւնը»:


