ԹՐՔԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԸ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿԵՑ ՀԱՅԱԶԳԻ ԶԻՆՈՒՈՐԸ ՍՊԱՆՆԱԾ ԱՂԱՕՂԼՈՒՆ

Թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական դատարան մը ազատ արձակած է այս տարուան 24 ապրիլին թրքական բանակին մէջ հայազգի զինուոր Սեւակ Շահին Պալըքճըն սպաննած նոյն զօրամասին մէջ ծառայող Քըւանչ Աղաօղլուն:

Օրաթերթը կը գրէ, որ Սեւակի սպանութեան դատական հարցին առաջին նիստը, որ տեղի ունեցած է Տիարպեքիրի զինուորական դատարանին մէջ, 13 ժամ տեւած է: Դատաւորը ջնջած է Քըւանչ Աղաօղլուի նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց սահմանուած կալանքը:

Յաջորդ նիստին դատարանը պիտի լսէ սպաննուած զինուորին նշանած Մելանի Քումրուեանը, որ կը պնդէ, թէ Սեւակը զօրամասին մէջ հրամանատարութեան հետ լուրջ խնդիրներ ունեցած է:

Յիշեցնենք, որ Սեւակ Շահին Պալըքճը, որուն զինուորական ծառայութեան աւարտին մնացած էր 23 օր, զոհուած է այս տարուան 24 ապրիլին, Պաթմանի Քոզլուք շրջանի ոստիկանական յատուկ ուժերու զօրամասին մէջ: Ըստ պաշտօնական վարկածին, ան մահացած է իր զինակիցին` Քըւանչ Աղաօղլուի կողմէ գնդացիրէն սխալմամբ արձակուած գնդակէն ստացած ծանր վէրքին պատճառով: Մեղադրող կողմը կը պահանջէ Աղաօղլուն «անզգուշ սպանութեան» համար դատապարտել 9 տարուան բանտարկութեան: Իսկ Սեւակի ընտանիքի փաստաբան Իսմայիլ Ճեմ Հալավուրթ կը պահանջէ Աղաօղլուն դատել «կանխամտածուած սպանութեան» համար:

Մամլոյ մէջ տեղեկութիւններ յայտնուած էին, որ Սեւակ ծառայութեան ընթացքին ծեծի ենթարկուած է իր հրամանատարներուն կողմէ: Զօրամասին մէջ նոյնիսկ սպառնացած են զինք հրկիզել:

Բացի ատկէ, հետաքննութեան ընթացքին ի յայտ եկած է, որ հայազգի զինուորը սպաննած Քըւանչ Աղաօղլու տարուած է ազգայնական գաղափարներով, ինչի մասին կը վկայեն` «Դիմատետր» ընկերային ցանցին վրայ անոր զետեղած ազգայնական բովանդակութեամբ հրապարակումները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES