ԱՐՑԱԽԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ- ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 28 յուլիսին աշխատանքային խորհրդակցութիւն կատարած է` նուիրուած հանրապետութեան շինարարութեան եւ արտադրական ենթակառոյցներու մարզերուն մէջ կատարուած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ընելիքներուն:

Զեկուցումներ ներկայացուցած են արտադրական ենթակառոյցներու նախարար Կարլեն Պետրոսեան, քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան եւ Ստեփանակերտի քաղաքապետ Վազգէն Միքայէլեան:

Նախագահը կարեւոր նկատած է այս մարզերուն մէջ իրականացուող աշխատանքները` ընդգծելով անոնց պատշաճ եւ որակեալ կատարման անհրաժեշտութիւնը: Այդ ծիրին մէջ Բակօ Սահակեան նշած է նաեւ տարբեր նախարարութիւններու եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու միջեւ աշխատանքներու համակարգման նպատակայարմարութիւնը` ատիկա նկատելով ծրագիրներու յաջող իրականացման նախապայմաններէն մէկը:

Խորհրդակցութեան կը մասնակցէին Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

Միւս կողմէ, նախագահ Բակօ Սահակեան 30 յուլիսին ընդունած է ծագումով արցախցի բարերար Հայկ Մաղաքելեանը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի մէջ ընկերային տարբեր ծրագիրներու իրականացման հեռանկարները:

Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է հանրապետութենէն դուրս բնակող հայրենակիցներու մասնակցութիւնը Արցախի շէնացման գործին` նշելով իշխանութիւններու պատրաստակամութիւնը ըստ ամենայնի աջակցելու այսպիսի ծրագիրներու իրականացման:

Share this Article
CATEGORIES