ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց Հայաստանի կառավարական պատուիրակութիւնը` վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորութեամբ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու հայկական հանրապետութիւններու տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ գիւղատնտեսութեան մարզը, միացեալ նեդրումային ծրագիրներու իրականացումը եւ տեղական ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործումը: Երկու կողմերը նշեցին ներհայկական կապերու շարունակական ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը` իբրեւ հայկական երկու հանրապետութիւններու համաչափ զարգացման կարեւորագոյն հիմքերէն մէկը:

Հանդիպումին կը մասնակցէին Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

Share this Article
CATEGORIES