ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ իրազեկ եւ հաւաստի աղբիւրներու համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ մօտերս Սուրիա պիտի մեկնի` անպաշտօն այցելութեամբ մը իր ցաւակցութիւնները յայտնելու վերջերս Տարաայի մէջ սպաննուած սուրիացի անձնաւորութեան մը ընտանեկան պարագաներուն:
ԵՐԷԿ յետմիջօրէին զինեալներ առեւանգեցին Շերիֆ Աքքաուի անունով քաղաքացի մը Պիաքութի շրջանէն (հիւսիսային Մեթնի մէջ)` քանի մը ժամ ետք ազատ արձակելով զայն եւ լքելով Այն Սաատէի մուտքին:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Միքաթի երէկ անջատաբար ընդունեց Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանը: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան երկկողմանի յարաբերութեանց եւ շրջանին, յատկապէս Լիբանանին առընչուող հրատապ հարցերուն վրայ: Վարչապետը երէկ նաեւ ընդունեց խորհրդարանական հարցերու պետական նախարար Նիքոլա Ֆաթթուշը:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ ուժանիւթի ու ջուրի հարցերու յանձնախումբը ամբողջացուց ծովային սահմաններու ճշդումի իր քննարկումները` իբրեւ համապատասխան օրէնքի մշակման նախապատրաստութիւն:

