ՆԵՐՔԻՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐԿԻՆ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ՀՐԱՎԱՌՈՒԹԵՆԷՆ
Երէկ, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը յատուկ հաղորդագրութեամբ կրկին զգուշացուց քաղաքացիները` բացարձակապէս արգիլելով պայթուցիկներու սանձարձակ գործածութիւնը, որ նիւթականի կողքին նաեւ մարդկային վնասներ կը պատճառէ:
Հաղորդագրութիւնը պայթուցիկներու գործածութիւնը կ՛արտօնէ յատուկ պայմաններու տակ, ըստ որոնց.
– Պայթուցիկները պէտք է արձակուին մասնագէտներու կողմէ:
– Պայթուցիկները պէտք է պահուին բնակութեան վայրերէ հեռու` ամրակուռ տուփերու մէջ զետեղուած:
– Մանրավաճառներու կողմէ պայթուցիկներու ցրուումը կատարել յատուկ արտօնագիրներով:
– Տեղեակ պահել ապահովական իշխանութիւնները:
– Պայթուցիկներու փոխադրութեան ինքնաշարժները սարքաւորել հրշէջներու յատուկ կազմածներով:
– Պայթուցիկները փոխադրել գիշերուան ժամերուն:
– Պայթուցիկները կարելի է արձակել առաւօտեան ժամը 8:30-էն մինչեւ գիշերուան ժամը 11:30` ձմրան եղանակին, իսկ մինչեւ կէս գիշեր` ամրան ընթացքին: