ՏԵՍԱԿԷՏ. ԶԳՈՒՇԱՆԱԼ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԹԱԿԱՐԴԷՆ, ՍԱԿԱՅՆ…

Իսրայէլեան բանակէն 15 զինուորներ երկուշաբթի օր սահմանը հատելով` լիբանանեան հողերուն մէջ 70 մեթր յառաջացան: Լիբանանեան բանակը խիզախ կեցուածքով մը կրակ բացաւ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն կատարող ուժերուն ուղղութեամբ, որոնք հակադարձելէ ետք նահանջեցին: Իսրայէլ անմիջապէս նենգամիտ ապատեղեկատուութեան դիմելով յայտարարեց, որ իսրայէլացի զինուորները հրացանաձգութեան ենթարկուած են, մինչ կը գտնուէին «իսրայէլեան հողամասերուն» վրայ:

Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը, նոյնպիսի դէպք մը դարձեալ պատահած էր 3 օգոստոս 2010-ին, երբ իսրայէլեան ուժեր լիբանանեան Ատայսէ գիւղաքաղաքին մէջ ծառ մը հատած էին: Երկու առիթներով ալ լիբանանեան բանակը 1 օգոստոսին զուգադիպող իր տօնի շրջանին վճռական կեցուածք մը որդեգրելով` եկաւ ցոյց տալու, թէ պատրաստ է երկրին գերիշխանութիւնը ամէն գնով պաշտպանելու իր պարտականութիւնը կատարելու:

Ուազզանիի մօտ ստեղծուած լարուածութիւնը երէկ եւս շարունակուեցաւ: Աւելի՛ն. երէկ 10 զինուորներէ բաղկացած իսրայէլեան ուժ մը այս անգամ 30 մեթրով յառաջացաւ Մէյս ժապալ գիւղին ուղղութեամբ եւ 35 վայրկեան շարունակ այդտեղ մնաց` սպասելով ինչ որ բանի® սակայն ի զուր:

Այս դէպքերը իսրայէլեան հերթական ոտնձգութիւններ չէին, այլ` նպատակաուղղուած բնոյթ ունին: Թէեւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ Լիբանանի հետ սահմանին վրայ կացութիւնը մագլցումի մղելու որեւէ նպատակ չունի, սակայն այդ մէկը կատարելը կը բխի անոր քաղաքական նեղ շահերէն: Արդարեւ, Իսրայէլ վերջերս թատերաբեմ դարձած է իր 63-ամեայ պատմութեան մէջ ժողովրդային բողոքի մեծագոյն ցոյցերուն: «Ժողովուրդը ընկերային արդարութիւն կը պահանջէ» կարգախօսով եւ «Վրաններու յեղափոխութիւն» անունով ծանօթ զանգուածային աննախընթաց ցոյցերուն մասնակիցները կը պահանջեն բարելաւել բնակութեան, կրթութեան եւ առողջապահութեան մարզերուն մէջ իրենց կենսամակարդակը: Նեթանիահուի առաջարկները մերժուեցան ցուցարարներուն կողմէ, եւ անոր քաղաքական ապագան խոստմնալից չէ, ուստի Իսրայէլի հիւսիսային սահմանին վրայ կացութեան սուր մագլցում մը գրգռելով եւ «գոյութենական վտանգ»ի հոգեբանական մթնոլորտ մը ստեղծելով` ան կրնայ ժողովուրդին ուշադրութիւնը շեղել իր առօրեայ հոգերէն ու պահանջներէն: Այդպիսի զարգացում մը կրնայ լուծում մը չբերել իր դիմագրաւած տագնապին, սակայն առնուազն կը ծառայէ ժամանակ շահելով անխուսափելին յետաձգելու եւ շունչ մը քաշելու, այն յոյսով, որ մինչ այդ նոր պայմաններու ստեղծումով կարելի ըլլայ հարցին լուծում մը գտնել:

Տիրող մթնոլորտին մէջ անհրաժեշտ է շատ զգուշ եւ շրջահայեաց ըլլալ: Եւ իսկապէս ալ, ինչպէս իսրայէլեան ոտնձգութեանց դիպաշարը ցոյց կու տայ, կը թուի, թէ Լիբանանի որդեգրած «բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» եռեակ տարազը իսրայէլեան չարամիտ թակարդին մէջ չներքաշուելու իմաստուն կեցուածք որդեգրած է: Սակայն անշուշտ, ինքնազսպումն ալ չափ ու սահման ունի: Ուստի, կը մնայ տեսնել, թէ ժողովրդային զանգուածային ցոյցերէն ջղագրգիռ դարձած իսրայէլեան իշխանութիւնները իրենց քաղաքական օձիքը ազատելու համար ապահովական գետնի վրայ որքա՛ն հեռուն երթալու պատրաստակամութիւնը ունին:

 

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES