ԲՐԻՏԱՆԱՑԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆՆԵՐ ԹՈՒՐՔԻՈՅ` ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵՆԷՆ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԵՆ

Բրիտանիոյ խորհրդարանի նիստին պահուն

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ խումբ մը բրիտանացի երեսփոխաններ Բրիտանիոյ խորհրդարանին ներկայացուցած են զեկուցում մը, որուն մէջ երկրին իշխանութիւնները կը զգուշացնեն կարելիութենէն այն վտանգներուն, որոնք կրնան սպառնալ Եւրոպային Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան պարագային:

Բրիտանացի երեսփոխանները նշած են, որ եթէ Թուրքիա Եւրոպական Միութեան անդամակցի, ապա լուրջ խնդիրներ կրնան յառաջանալ Եւրոպական Միութեան սահմաններու անվտանգութեան ապահովման հարցին մէջ, որովհետեւ Թուրքիան Իրանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ նման դրացիներ ունի:

Բացի ատկէ, երեսփոխանները նշած են, որ Թուրքիոյ անդամակցութեան պարագային Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն մէջ կտրուկ կերպով պիտի աճին ներգաղթի, ինչպէս նաեւ կազմակերպուած յանցագործութիւններու դէպքերը:

 

Share this Article
CATEGORIES