ՔԱՔԱ ԵՐԿՈՒ ՇԱԲԱԹ ՊԻՏԻ ԲԱՑԱԿԱՅԻ ԴԱՇՏԵՐԷՆ
Ռէալ Մատրիտի պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ պրազիլցի վիրաւոր փլէյմէյքըր Քաքա երկու շաբաթ պիտի բացակայի դաշտերէն:
28 տարեկան Քաքա, որ նախորդ շաբաթավերջին դաշտ չներկայացաւ Ռասինկ Սանթանտերի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, վերջերս լաւ ներկայացում ունեցած չըլլալուն պատճառով պիտի բացակայի երեք մրցումէ` Հերքուլեսի եւ Աթլեթիքոյի (Սպանիոյ ախոյեանութիւն) դէմ ճակատումներուն, ինչպէս նաեւ Լիոնի դէմ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ Լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքին դարձի մրցումէն:
Յունիս 2009-ին փոխան 65 միլիոն եւրոյի Ա. Սէ. Միլանէն սպանական կազմին միացած Քաքա ընդհանրապէս վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր կազմին կատարած մրցումներուն ընթացքին չտեսնուեցաւ դաշտերուն վրայ:
Ըստ սպանական մամուլին, այս ամրան ընթացքին Ռէալ Մատրիտ պիտի ծախէ Քաքան, որովհետեւ մայրաքաղաքի ակումբին համակիրներուն համաձայն, ակումբին պատմութեան մէջ անոր փոխանցումը հանդիսացած է ամէնէն վատագոյնը եւ ձախողը: