ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ «Առեւանգեալներու եւ անյայտացածներու ընտանիքներու» յանձնախումբի` «Սոլիտ»ի նախագահ Ղազի Աատ երէկ պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով մեկնեցաւ վերին Մեթնի Շպենիէ գիւղաքաղաքը, ուր, ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, հաւաքական գերեզման մը կը գտնուի նշեալ գիւղաքաղաքի Մար Աֆրամ վանքին մերձակայքը:

ԵՐԿՈՒ անձեր երէկ դարձեալ զոհ գացին ինքնաշարժի մը եւ մոթորսիքլեթի մը միջեւ պատահած արկածի մը` Մեթնի Սապթիէ շրջանի մուտքին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նաամթալլա Ապի Նասըր երէկ հաւանական նկատեց, որ արտերկրի լիբանանցիները կրկին չկարենան մասնակցիլ 2013-ին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութեանց: Ապի Նասըր իր այս յոռետեսութիւնը վերագրեց պատկան կողմերու ցուցաբերած դանդաղ ու փութկոտ վերաբերմունքին` ընտրութեանց նախապատրաստութեան անհրաժեշտ միջոցառումներու ամբողջացման գծով:

ՇԻԻ համայնքի գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան հաղորդակցութեան մէջ մտաւ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ եւ միասնաբար խորհրդակցեցան Ժիպէյլի Լասա գիւղաքաղաքին մէջ վերջերս ծագած կալուածային «հարց»ին:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ անջատաբար խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի եւ ներքին ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժամիլ Սայէտի հետ` քննարկելով երկրին վերջին իրադարձութիւնները, շրջանի հրատապ հարցերուն լոյսին տակ:

ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ յայտարարեց, թէ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ամսական հերթական ժողովը պիտի գումարուի Տիմանի մէջ, յառաջիկայ 25 օգոստոսին:

Share this Article
CATEGORIES