ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԺՈՂՈՎ
Նախանցեալ օր, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած ժողովին ընթացքին վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները:
Վաւերացուած մրցումներուն կարգին է ՀՄՄ – Շապապ Արապի փլէյ-օֆի մրցումը, որուն հիման վրայ պիտի ճշդուէր Բ. դասակարգ բարձրացող երկրորդ խումբը: ՀՄՄ 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք իր մրցակիցը, հանդիսացաւ Բ. դասակարգ բարձրացող երկրորդ խումբը:
Իր անկարգապահ համակիրներուն պատճառով Շապապ Արապի հինգ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ:
Բացի ատկէ, Շապապ Արապի պիտի հոգայ բոլոր այն ծախսերը, որոնք իր համակիրներուն կողմէ եկան վնաս հասցնելու Սաֆայի դաշտին թրիպիւնին:
Անոր մարզիկներէն Ահմետ Պաշիր Սապրա երեք ամիսով կախակայուեցաւ, որովհետեւ դիտումնաւոր կերպով մրցակից կազմի մը մէկ մարզիկը խոշտանգած ըլլալուն պատճառով կարմիր քարտ մը ստացած էր:
Երկու մրցումով կախակայուեցաւ Նըժմէի մարզիկներէն Ապպաս Աթուէ, որ իր նշանակած կոլէն անմիջապէս ետք կարմիր քարտ մը ստացած էր, որովհետեւ անարգական խօսքեր ուղղած էր Թատամոն Սուրի պատասխանատուներէն մէկուն:
Վերջապէս, վեց ամիսով կախակայուեցաւ Թատամոն Սուրի պատասխանատուներէն Նեժիպ Պասմէ` իրաւարարներուն հայհոյած ըլլալուն պատճառով: